Նախագահ Աուն Հաժժարի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Հարցը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն հարցերն ու անոնց տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային կարգ մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հաժժար շեշտեց, որ երկիրը ապահովական խախտումի դիմաց չի գտնուիր` աւելցնելով, որ իրենք կը հասկնան, թէ սննդեղէնի կացութիւնը ապակայուն է, եւ իբրեւ այդպիսին կոչ...



















