Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Որեւէ Փաստաթուղթ, Որ Պիտի Սահմանափակէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը, Մեր Կողմէ Պիտի Պատռուի»

Հոկտեմբեր 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փութինի ըսածը շատ յստակ ու պարզ էր, մենք այդ մասին եւս այս ընթացքին խօսած ենք, նաեւ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարութիւններու ժամուն մեր մասնակցելու նպատակը այդ էր, որ յստակ արձանագրուի, որ որեւէ փաստաթուղթ, որ պիտի սահմանափակէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, մեր կողմէ պիտի պատռուի, անընդունելի է, եւ ամէն ձեւով անոր դէմ պիտի պայքարինք», այս մասին «Լազարեան ակումբ»-ի նիստէն առաջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով նախանցեալ օր «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի լիագումար նիստին Ռուսիոյ նախագահի կատարած յայտարարութեան, թէ կայ ուաշինկթընեան փաստաթուղթ, որով կ՛առաջարկուի Արցախը ձգել Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

«Կայ ամերիկեան կողմի ներկայացուցած յստակ սեղանին դրուած փաստաթուղթ, որ մամուլին մէջ հրապարակուած է` 27 սեպտեմբերին թուագրուած, որով Արցախը կը ձգուի Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այդ ըլլայ ամերիկեան տարբերակ, ռուսական, թէ չինական, կապ չունի: Փաշինեանը միայն չունի իրաւունք որոշելու 5000-ամեայ ժողովուրդի ճակատագիրը: Սա Արցախի հարց չէ, Հայաստանի պետականութեան գոյութեան հարց է, եւ այն ինչ որ կ՛ընէ այս խեղկատակը մեր ժողովուրդի գլխուն, պիտի տանի կործանման, եւ միակ ճանապարհը երկիրի նոր անձնատուութիւնը կանխելու, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար` համաժողովրդական, համահայկական ընդվզումն է օրուան իշխանութիւններուն դէմ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով 30 հոկտեմբերին Արցախի մէջ կայանալիք հանրահաւաքին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշեց. «Մեր պայքարը կանգ չէ առած, Արցախի մէջ կայանալիք հանրահաւաքէն անմիջապէս ետք մենք կ՛արձագանգենք եւ կը ներկայացնենք պայքարի այն ձեւերն ու մեթոտները, զորս կը պատկերացնենք յառաջիկային: Այս պահուն կը վստահեցնեմ, որ ամէն ինչ պիտի ընենք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ընդդիմութիւնը ազդակ ստացա՞ծ է Արեւմուտքէն, որ Հայաստանը կը ձգտի Արցախը ճանչնալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, դաշնակցական գործիչը նշեց. «Ըլլայ Մոսկուայի, Ուաշինկթընի, թէ Պրիւքսելի մէջ` մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է: Ի տարբերութիւն Նիկոլ Փաշինեանի, մենք ամէն տեղ բան մը չենք ըսեր իրար հակասող,  ատիկա մեզի համար յստակ է, կարմիր գիծ է, քննարկման նիւթ չի կրնար ըլլալ որեւէ լուծում, որով Արցախը կը մնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Փութին. «Ուաշինկթընեան Համաձայնագիրը Կ՛Ենթադրէ Ղարաբաղի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Գերիշխանութեան Ճանաչում, Եթէ Հայաստանը Ատիկա Կ՛ընտրէ, Ապա Խնդրեմ, Մենք Չենք Կրնար Պարտադրել»

Յաջորդը

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Բացակայութիւնը (Արցախի Միասնական Կեցուածքէն Մինչեւ Գագաթնաժողով)

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք  Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ  Ապաշրջափակելու Համար»
Հայկական

Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ Ապաշրջափակելու Համար»

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In