Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնսթանթին Զաթուլին Կը Մեկնաբանէ Հայաստան Իր Մուտքը Արգիլելու Որոշումը

October 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնը, թէ իր Հայաստան մուտքը արգիլուած է:

«Ես ձեր նշած հրապարակումը չեմ կարդացած, սակայն այսօր առաւօտեան ստացած ենք նամակ մը, որուն բովանդակութեան տակաւին նոր ծանօթացած եմ: Նամակին մէջ կը նշուի, որ իմ արտայայտութիւններս վնաս կը հասցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ որ այս պատճառով իմ մուտքս անբաղձալի է: Ինչպէս կը հասկնամ` խորհրդարանի ներկայացուցիչը այսպէս պատասխանած է այն առաջարկներուն, որոնք անցեալ շաբաթ ուղարկած ենք պարոն Սիմոնեանին (Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանին, «Ա.»), անոր տեղակալին` փոխնախագահին, որ կը զբաղի հայ-ռուսական միջխորհրդարանական կապերով, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանին` անոնց հրաւիրելով մասնակցելու Լազարեան ակումբի նիստին, որ նպատակ ունէինք կատարել 28-29 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ կլոր սեղանի շուրջ` «Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատմական անցեալն ու ներկան» նիւթով: Սակայն կը տեսնեմ, որ խորհրդարանի ներկայացուցիչները, հաւանաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները ռուս-հայկական յարաբերութիւններու ո՛չ պատմական անցեալը, ո՛չ ալ ներկան կ՛ուզեն քննարկել: Այս առնչութեամբ ասիկա առաջին միտքն է, որ կը ծագի միտքիս մէջ: Եւ ասիկա կ՛երեւի ունի իր բացատրութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով այն գիծը, որով անոնք (Հայաստանի իշխանութիւնները, «Ա.») կը գնեն վերջին ամիսներուն: Կը հերքեմ այն ամէնը, ինչ որ նամակին մէջ գրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վնաս հասցնելու առումով: Կը կարծեմ` եթէ գնահատելու ըլլանք Հայաստանին վնաս հասցնելը, ապա, կը կարծեմ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գտնենք մարդիկ, որոնք շատ աւելի մեծ վնաս հասցուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան, քան կարող է հասցնել ո՛չ միայն Զաթուլինը, այլ նաեւ ոեւէ այլ օտարերկրացի, կամ ինչպէս որ իմ պարագայիս` Տումայի երեսփոխանը», ըսած է քաղաքական գործիչը:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերուն չէ միջամտած, եւ հայկական լրատուամիջոցներու խնդրանքով մեկնաբանութիւններ կը կատարէ եւ միշտ առաւելապէս ազնիւ կ՛արտայայտուի` հիմնուելով անձնական հայեացքներու վրայ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Միքաթիէն Պահանջեցի Հաւասարութիւն, Եւ Երեկոյեան Պաապտա Վերադարձ` Յայտարարելու Կառավարութեան Նոր Կազմը»

Յաջորդը

«Մոսկուան Եւ Երեւանը Գժտեցնելու Փորձերը Յաջողութիւն Պիտի Չունենան, Հայաստանը Աննախադէպ Արտաքին Ճնշման Կ՛ենթարկուի» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.