Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի այն յայտարարութեան, թէ «Արեւմուտքը զբաղած է ինքնագովազդով եւ կը փորձէ Ռուսիան դուրս մղել շրջանէն»:
«Նախ, մենք կը վիճարկենք մեր ջանքերուն իբրեւ ինքնագովազդ որակումը: Ոչ մէկ ինքնագովազդային բան կայ ատոր մէջ, որ կը փորձենք վերջ դնել տարիներ շարունակուող տագնապներուն եւ տարիներու բռնկումներուն, որոնք յանգեցուցած են բռնութիւններու եւ, ի վերջոյ, մահուան, թէ՛ հայերու, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի քաղաքացիներու մօտ:
«Այստեղ մեր միակ նպատակն է այս երկիրներուն օգնել աշխատելու միասին` համապարփակ եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու եւ, ի վերջոյ, կեանքեր փրկելու համար: Ես չեմ գիտեր, թէ ատոր վերաբերեալ ի՛նչ կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ ինքնագովազդ:
«Ինչպէս ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, մենք հաւատարիմ ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն: Մենք երկու ղեկավարներուն ալ խրախուսած ենք հանդիպելու այն ձեւաչափով, որ անոնց համար առաւել օգտակար է: Մենք կը կարծենք, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», ըսած է Փրայս:
Անդրադառնալով 31 հոկտեմբերին Փաշինեանի եւ Ալիեւի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ նախատեսուած հանդիպումին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է. «Ի վերջոյ, Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը պէտք է որոշեն, թէ արդեօք նախագահ Փութինի հրաւէրը կայուն խաղաղութեան ձգտման հարցին մէջ օգտակար կամ պիտանի պիտի ըլլա՞յ իրենց համար: 2008 թուականին Ռուսիոյ Վրաստան ներխուժումը եւ անոր շարունակական դաժան ներխուժումը Ուքրանիա ցոյց կու տան, որ Մոսկուան քիչ կը յարգէ իր դրացիի գերիշխանութիւնը եւ դժուար թէ յուսալի, երկարաժամկէտ գործընկեր ըլլայ: Սակայն, ի վերջոյ, ասիկա պիտի ըլլայ որոշում մը, որ պէտք է տան Հայաստանն ու Ազրպէյճանը:
«Հարաւային Կովկասի երկիրներու գերիշխանութեան ու անկախութեան, ի վերջոյ, Միացեալ Նահանգներէն աւելի մեծ աջակցող չկայ: 1991 թուականին Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի անկախութեան վերականգնումը կարեւոր իրադարձութիւն էր, որ երաշխաւորեց այս երկիրներէն իւրաքանչիւրին իրաւունքը` Մոսկուայէն կամ որեւէ այլ երկրէ անկախ իր արտաքին քաղաքական շահերը հետապնդելու»:


