Ապտոլլահեան. «Իրանը Պիտի Ձեռնարկէ Բոլոր Քայլերուն` Դիմակայելու Շրջանին Մէջ Պատմական Սահմանները Փոխելու Մտադրութեան Անգամ»
Իրանի համար անընդունելի են շրջանին մէջ պատմական սահմաններու փոփոխութիւնները, Իրանը պիտի ձեռնարկէ բոլոր քայլերուն` դիմակայելու անգամ նման մտադրութեան: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: Ապտոլլահեան նախ նշեց, որ Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան հիմնումով աւելի յարմար եւ դիւրին պայմաններ պիտի ստեղծուին`...




















