Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Սա Խտրականութիւն Է Գործող Իշխանութիւններուն Կողմէ»

December 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամէնէն կարեւոր գործիքը Նիկոլ Փաշինեանը կը նկատէ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը Պաքուի ու Ստեփանակերտի միջեւ: Փաշինեանը ասիկա ըսած է Մատենադարանին մէջ սկսած «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ֆորումի ժամանակ: Ֆորումի նիւթը նոր արհեստագիտութեան դարաշրջանին ցեղասպանութեան կանխարգիլումն է: Յատկանշական է, որ աշխարհով մէկ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ փոխհատուցման արշաւ իրականացնող ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը Ֆորումին մասնակցելու հրաւէր չեն ստացած», «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Կիրօ Մանոյեանի պնդումով` սա խտրականութիւն է գործող իշխանութիւններուն կողմէ:

Անդրադառնալով հաւանական պատերազմի բռնկումին` Մանոյեան նշեց. «2020 թուականի պատերազմէն ետք, եւ յատկապէս հիմա Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով շրջանին մէջ անորոշութիւնները շատ են, եւ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը կը փորձեն օգտուիլ անկէ` իրենց նպատակները յառաջ քաշելու համար: Կարելի չէ ըսել, որ բացառուած է պատերազմը», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, ունինք արտաքին գործոց նախարարութիւն, որ շատ հարցերու մէջ մասնակից չէ. «Ամէն ինչ կը կատարուի վարչապետի միջոցով: Հետաքրքրական է, որ «խաղաղութեան պայմանագիրի» մասին կը խօսի ոչ թէ արտաքին գործոց նախարարը, այլ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը: Սա ինքնին ձախողութեան երաշխիք է: Ամէն ինչ վարչապետին կողմէ կը ղեկավարուի, եւ ատիկա կը ստեղծէ անորոշութիւններ, որոնք կ՛ենթադրեն այն, որ մենք լուրջ չենք վերաբերիր: Այս իշխանութիւնը միայն իշխանութիւնը պահելու համար բոլորին խոստումներ տուած է, բոլորն ալ կը փորձեն այս պայմաններուն մէջ օգտուիլ եւ ստանալ այն, ինչ որ կը բխի իրենց շահերէն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Հայ դատի կատարած աշխատանքներուն` Մանոյեան նշեց, որ անցեալ տարի կեդրոնացումը եղած է Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար արտաքին կապեր ստեղծելու վրայ: «Մենք նոր դժուարութիւններու առջեւ ենք, որովհետեւ կը սկսինք լսել բաներ, որոնք բաւական երկար ժամանակ է` մօտաւորապէս երկուքուկէս տասնամեակ է չէինք լսած. Կ՛ըսեն` դուք կ՛ըսէք սա, բայց Հայաստանի իշխանութիւնները այլ բան կ՛ըսեն: Ֆրանսայի մէջ մեզի ըսին, որ իրենց վերջին խօսակցութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան հետ կը փաստեն մէկ բան, որ իշխանութեան ուզածը ձեր այստեղ շեշտածը չէ: Մենք նոյնը լսած ենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու շրջանակներէն: Սա արդէն խնդիր է մեզի համար, որովհետեւ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն օրերուն մենք խնդիրներ չենք ունեցած, բայց առաջին նախագահին օրով եղած է: Կարեւոր է, որ կարենանք այս խնդիրը յաղթահարել, եւ սա բաւական բարդ է, քանի որ այս իշխանութիւնները որոշած են խտրական վերաբերիլ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Համար Իր Ուզածը Հայաստանէն Առնելու Համար Լաւ Ժամանակ Է» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.