Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Հանդիպումը 31 Հոկտեմբերին` Սոչիի Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 31 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Սոչի: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան: Այն հարցումին, թէ Փաշինեան Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենա՞յ, Սիմոնեան պատասխանեց. «Կ՛ենթադրեմ` հանդիպումը պիտի կայանայ»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ առարկայական արդիւնքներ կ՛ակնկալուի՞ն Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումէն` Սիմոնեան ըսաւ. «Կ՛ակնկալեմ, որ բոլոր մեր այն գործընկերները,...




















