Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 10 դեկտեմբերին նախարարութեան անձնակազմի նիստի ընթացքին քննարկուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն մէջ տիրող կացութիւնը:
«Համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են ղարաբաղեան տնտեսական շրջանին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն մէջ հայկական ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու գործունէութեան մշտադիտարկումն ու վերահսկողութիւնը առաւել ուժեղացնելու ուղղութեամբ», կը նշուի Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ կը հաղորդուի նաեւ, որ նախարար Հասանով «բարձր գնահատած է» անցնող տարուան ընթացքին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու Հայաստանի վրայ կատարած յարձակումները, ինչպէս նաեւ յայտարարած, որ «Եղբայրական բռունցք» թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերը «կը նպաստեն շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման»:


