Ռիատի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներէն ամէնէն շատ խնդրայարոյց նկատուեցաւ Սէուտական Ռիատի եւ Փեքինի ղեկավարներուն միջեւ կայացած հանդիպումը: Չինաստանը տնտեսական բեւեռ է, եւ իր կողմէ նախաձեռնուած կամ իրեն դիմուած հանդիպումները շատ արագ կու գան աշխարհաքաղաքական կեդրոններու լուսարձակին տակ` անմիջապէս տարատեսակ մեկնաբանութիւններու դուռ բանալով: Նկատելի են բազմաուղղութիւն միտումներ Փեքինի հետ ո՛չ միայն առեւտրատնտեսական կապեր հաստատելու, այլ նաեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան ենթահող պատրաստելու:
Չինաստանի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու միացեալ յայտարարութիւնը բնականաբար պիտի չվրիպէր Իրանի ուշադրութենէն: Փաստօրէն պաշտօնական Թեհրանը շատ սուր հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ` այս յայտարարութեան ետին տեսնելով իր տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդհանրապէս իր ազդեցութեան տիրոյթներուն դէմ առնուած քայլ:
Այդ քայլը կը վերաբերէր խնդրայարոյց երեք կղզիներուն, որոնց պատկանելիութեան շուրջ խնդիր ունին Ծոցի արաբական երկիրները: Ծոցին բնութագրումը ինքնին սուր խնդիր է, եւ եզրաբանութիւնը շատ քաղաքականացուած կերպով կը կիրարկուի: Արաբական ծոցի երկիրներն ու Իրանի հետ ոչ բարեկամական դիրքերու վրայ գտնուող պետութիւնները «արաբական ծոց» կ՛անուանեն տարածաշրջանը, որ ընդհանրապէս միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ որակուած է իբրեւ Պարսից ծոց:
Խնդիրի դրսեւորումը ուրեմն երեք կղզիներուն կը վերաբերի: Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի եւ Չինաստանի ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը աջակցութիւն կը յայտնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջանքերուն` հասնելու Արաբական ծոցի երեք` Ապու Մուսա, Փոքր Թոնպ եւ Մեծ Թոնպ կղզիներու հարցի «խաղաղ լուծման»:
Եզրաբանութենէն անկախ, միակողմանի կը հնչէ այն, որ աջակցութիւնը կ՛երթայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախաձեռնութեան, ինչ որ Իրանի դիտանկիւնէն միակողմանիութիւն է. առաւել այն, որ հարցի լուծում ըսելով կ՛ենթադրուի փոխզիջում եւ այս պարագային անոնց իրանեան պատկանելիութեան խնդրոյ առարկայ նկատում:
Պաշտօնական Թեհրանի հակազդեցութիւնը արագ է եւ սուր: Իրանի նախագահի աշխատակազմի քաղաքական հարցերով փոխտնօրէն Մոհամետ Ժամշիտի կը յիշեցնէր Փեքինի իր գործընկերներուն, որ մինչ Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ մէջ կ՛աջակցէր ՏԱՀԵՇ-ին ու Քայիտային եւ վատ կը վերաբերի Եմէնին, Իրանը կը պայքարէր ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ` վերականգնելու շրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու անկայունութեան տարածումը թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ ալ Արեւմուտքի մէջ:
Շատ կարեւոր սլաք կայ այստեղ ուղղուած Միացեալ Նահանգներուն, որոնց հետ համատեղ, ըստ Թեհրանին, Սէուտական Արաբիան հովանաւորած է ահաբեկչութիւնը եւ անկայունացուցած տարածաշրջանը:
Առաջին հայեացքով դասական պայքարի գիծերն են, որոնք կ՛ուրուագծուին. տարածաշրջանին մէջ կը բախին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա շահերը: Աւելի մասնակիացնելով` սիւննի-շիի պատերազմը:
Մանրադիտակը կրնայ երանգներ տեսնել սակայն այս բոլորին մէջ: Ռիատ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները միեւնոյն հեզասահութիւնը չեն պարզեր, տարբեր պատճառներով: Նոյն տարողութեամբ չեն նաեւ այսօր Միացեալ Նահանգներ – Իրան յարաբերութիւնները: Փաստօրէն Ծոցի զինուորական պատերազմը դադրած է: Իսկ Իրանի տուած օրինակները մօտիկ անցեալին կը պատկանին. հիմա նոր իրավիճակ է, եւ իրանեան ուժանիւթը այլընտրանք է ռուսականին յարաբերակցաբար:
Իսկ ուժանիւթը այս բոլորը հանգուցաւորած է փաստօրէն: Չինաստանի ղեկավարներուն Ռիատ ժամանումը առաւելաբար ուժանիւթային շարժառիթներու հետ կապուած է: Այս շարժառիթը առկայ է նոյնիսկ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարին հետ Չինաստանի ղեկավարին ունեցած հանդիպման ընթացքին, որ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին փոխանցած է, որ Չինաստանը հետաքրքրուած է Լիբանանի հետ տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելով եւ հաստատած, որ իր երկիրը պատրաստ է Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր կարիքներուն օժանդակելու, յատկապէս վերանորոգուող ուժանիւթի մարզին մէջ:
Քաղաքական ընթերցումով այս կ՛ընկալուի այնպէս, որ Չինաստանը պատրաստ է Լիբանանի ենթակառուցուածքային մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ Պէյրութը Չինաստանը ներգրաւէ ընդծովեայ ուժանիւթի շահարկման ծրագիրներուն:
Այս բոլորին պիտի հետեւի Չի Ճինփինկի այցելութիւնը Իրան: Փեքինը քայլ առ քայլ ուժանիւթային խնդիրներու հանգուցալուծման համար փորձ կը կատարէ միջնորդ դառնալու ուժանիւթային հակամարտութեան մէջ:
Չինաստանի յարաբերակցութեան նկատառումով փաստօրէն փոխուած են դասական առանցքներու միջեւ ընթացող պատերազմները: Յայտարարութիւնները կը փորձեն շղարշել այդ փոփոխութիւնը: Գետնի վրայ սակայն նկատելի են նորացուող իրավիճակները:
«Ա.»