Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակ – Տարեմուտ (Գ.) Նոր Դրութիւններու Որդեգրման Անհրաժեշտութեան Դիմաց

December 30, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ կայքային տարբերակի ընթերցողները պէտք է նկատած ըլլան, որ փակուող տարուան ընթացքին բազմաթիւ թարմացումներ կը թողարկուէին կայքային տարբերակին վրայ: Լուրերու կշռոյթը, յատկապէս հայրենական, Հայ դատի եւ քաղաքական բաժինի, բնականաբար անհամաչափ է թերթի տպագիրին համեմատութեամբ:

Միտումը պարզ է. կայքայինը աւելի լրագրական է, մինչ տպագիրը` յօդուածագրական ու վերլուծական: Այս կը նշանակէ, որ յօդուածները կայքին վրայ տեղադրելով հանդերձ, մենք անհրաժեշտութեան առջեւ ենք լրատուական  նիւթերով յաճախակի թարմացումներ կատարելու ելեկտրոնայինի պարագային:

Խմբագրակազմը հիմնականին մէջ տպագիրի պատրաստութեամբ կը զբաղի. ելեկտրոնային թարմացումները պարագայական են եւ մնայուն կշռոյթ չունին տակաւին. կարեւոր լուրերը ընթերցողին հասցնելու գործառոյթը կը լրացուի որոշ չափով արագ լրահոսով:

Կայ անհրաժեշտութիւն արագ լրահոսը լուսանկարներով եւ տեսերիզներով օժտելու: Համապատասխան նոր ծրագիրի (application) հարց ունինք ուրեմն: Լուրերու արագակշռոյթ թարմացման համար ալ` նոր դրութեան:

Կը նկատենք այս բոլորին զուգահեռ, որ «Ազդակ»-ի թէ՛ արաբերէն եւ թէ՛ հայերէն տարբերակներու ընկերային ցանցերու էջերը բաւարար չեն նոր տարածականութիւններ ապահովելու: Երիտասարդ մասնագէտներու հետ խորհրդակցութիւններու մէջ ենք այս ոլորտը եւս առաւելագոյն ձեւով օգտագործելու համար  բոլոր կարելիութիւնները քննարկելու:

Նոր առաջադրանքները նիւթական կ՛ենթադրեն: Մեր թէ՛ առցանց, թէ՛ դրամատնային փոխանցման եւ թէ՛ ուղղակի եղանակներով կատարուած  նուիրատուութիւնները կը թեթեւցնեն որոշ առումով պիւտճէական խնդիրները, այդուհանդերձ հեռու են յատկապէս նոր ծրագիրներ իրականացնելու համար անհրաժեշտ գումարները գոյացնելէ: Սկսած ենք քննել կայքային ընթերցումը վճարովի դարձնելու կարելիութիւնները:

Այս առումով անշուշտ նկատի կ՛ունենանք հարցախոյզի եզրակացութիւնը: Պարզ է, որ ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ կարդալ առցանց տարբերակը: Հակառակ լիբանանեան դրամանիշի բազմապատկուող արժեզրկումին, տպագիրին հատավաճառը պահեցինք նոյնը: Վաճառքը մնաց կայուն, մինչ առցանցը արձանագրեց ընթերցողներու նոր թիւեր: Հատավաճառի պարտադիր վերանայման պարագային  դարձեալ պիտի բազմանայ առցանց ընթերցողներու թիւը, մինչ տպագիրի վաճառաթիւը շատ հաւանաբար կրէ նոր անկումներ:

Այս իրականութեան լոյսին տակ պիտի քննարկուի կայքը վճարովի դարձնելու կարելիութիւնը: Այստեղ կան քանի մը ընտրանքներ: Լուրերու ընթերցումը  ձգել անվճար, յօդուածները դարձնել` վճարովի: Յօդուածի խորագիրն ու ամփոփ նիւթը տեսնել, իսկ ամբողջութիւնը կարդալու համար բաժանորդագրուիլ: Կայ երրորդ ընտրանքը` կայքին հասանելի դառնալու համար բաժանորդագրուիլ:

Այս բոլորը պիտի ուսումնասիրուին` կայքի վերաձեւաւորումէն, լրագրական բաժինի յաճախակի թարմացումներէն մինչեւ տպագիր-ելեկտրոնային բովանդակութիւններու տարանջատում եւ կայքային տարբերակի վճարովի դրութեան անցում:

Կ՛ապաւինինք մեր կայքի ընթերցողներու հասկացողութեան: Յատկապէս արտալիբանանեան շրջաններու ընթերցողներէն պիտի ակնկալենք աշխուժ բաժանորդագրութիւն, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ հարցախոյզի այդ մասին պատասխաններու համեմատութիւնը կը յուշէ ընթերցողներու թիւի զգալի անկումի մասին:

Նման որոշումի կայացման պարագային ընթացիկ թիւով բացատրութիւններ պիտի տրուին: Վստահ ենք սակայն, որ ինչ ալ ըլլայ որոշումը, մեր ընթերցողներուն մօտ «Ազդակ»-ը պիտի շարունակէ պահել առօրեայ ներկայութիւն դառնալու եւ տեղեկատուական ու վերլուծական աղբիւր ըլլալու հանգամանքը:

Նախորդը

Փեսքով. «Ռուսիան Իսկապէս Մտահոգուած Է Այն Լարուածութեամբ, Որ Այժմ Յառաջացած Է Բերձորի Միջանցքին Շուրջ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Դեկտեմբեր 2022)

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.