Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանանք Սիրոյ Ու Գթութեան Մեր Աչքերը Եւ Մեր Կողքին Պիտի Տեսնենք Քրիստոսը»

Դեկտեմբեր 24, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը

Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն
պատուական եղբարց մերոց`
արհի. արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց,
գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից,
բարեշնորհ սարկաւագաց եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս:

Պատուական եղբարք եւ սիրեցեալ որդեակք ի Քրիստոս,

Ահաւասիկ, մէկ տարի եւս անցաւ մեր երկրաւոր կեանքէն. տարի մը նորանոր տագնապներու, պատերազմներու եւ ժահրերու, որոնցմէ կը տառապինք բոլորս:

Մարդկութեան մէկ ստուար զանգուածը կը հաւատայ միայն այն բանին, զոր աչքով կը տեսնէ եւ ձեռքով կը շօշափէ: Այս նիւթապաշտութիւնը նոր չէ թէպէտ, սակայն եւ այնպէս արագօրէն կը գահավիժեցնէ մարդկութիւնը դէպի խորխորատ: Կրօնը եւ զայն բովանդակող հաւատքին լոյսն ու բարոյական արժէքները լիովին անտեսուած են, քանի անոնք այլեւս չեն նկատուիր «արդիական» եւ «այժմէական»:

Արդ, նուիրական օրերն են յետահայեաց ակնարկով քննարկելու 2022 տարին` իր ելեւէջներով, անձնական ու համամարդկային ձեռքբերումներով եւ կորուստներով:

Կը փափաքիմ դիմել իւրաքանչիւրիս խղճին` այն ներքին ձայնին աստուածաստեղծ, զոր ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կրնան խաբել կամ մոռացութեան մատնել:

Նորածին Աստուածամարդուն մսուրին առջեւ ծնրադիր` քննենք մեր խիղճը, եւ Ամանորի սեմին` բանանք մեր սրտերը, տեսնելու ու գնահատելու համար, թէ ի՛նչ ունինք. ապա, խնդրենք ինչի կարիքն ունինք եւ ոչ թէ միայն ինչ կ՛ուզենք:

Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը լսելով` մէկ կողմ դնենք սոսկ տօնական արտաքին դրսեւորումներն ու հանդէսները:

Բանանք սիրոյ ու գթութեան մեր աչքերը եւ մեր կողքին պիտի տեսնենք Քրիստոսը. «Որովհետեւ անօթի էի, եւ ինծի ուտելիք չտուիք, ծարաւ էի, եւ ինծի ջուր չտուիք, օտար էի, եւ զիս ձեր մէջ չառիք, մերկ էի, եւ ինծի չհագցուցիք, հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, եւ զիս տեսնելու չեկաք» (Մտթ. 25,42-43):

Յիրաւի, մեր Փրկիչը Ինքզինք կը նոյնացնէ կարիքաւորին ու տառապողին հետ: Ուստի, ահուդողի մէջ` կը սարսափիմ թուել, թէ քանի՜, քանի՜ անգամներ Յիսուս Քրիստոս եկաւ մեզի, եւ մենք մերժեցինք Զինք… Քանի՜, քանի՜ առիթներուն` մենք անտարբերութեան մատնեցինք եւ մեր անձնասիրութեամբ մերժեցինք մեր Տէր Աստուածը ներկայացնող այս տնանկը կամ այն լքեալը (Ղկ. 10,29-32)…

Անտարակոյս, Աստուածորդիին մարդեղութեան տօնին ուրախութիւնը մեր մէջ կ՛արտայայտուի տօնական արարողութիւններով, շնորհաւորանքներով եւ նուէրներով, եւ սակայն այսօր պահանջ կայ կրօնական զարթօնքի, հոգեւոր բարենորոգումի ու մտափոխումի:

Այդ զարթօնքն ու բարենորոգումը կրնան գոյանալ միայն Աւետարանէն, որ Աստուծոյ խօսքն է կենդանարար եւ լուսատու:

Անկարելի է վերականգնել այս աշխարհն ու մաքրել մարդկութեան խիղճը, առանց փրկարար գալուստին Անոր, որ ամէն տարի, միշտ նորակերտ ուժականութեան մէջ, իր Ս. Ծննդեան աւետիսով «անձկագին ցանկացաւ եւ կը ցանկայ» (Ղկ. 22,15) բարեփոխել մտքերն ու սրբացնել սրտերը:

Բարեփոխումի ու սրբացումի այս սիրոյն եւ ողորմութեան հուրը, զոր Քրիստոս բերաւ երկնքէն իր մարդեղութեամբ, մշտանորոգ ընթացքով համակելու է մեզ ու ջերմացնելու է հաւատացեալներուն սրտերը, ինչպէս նաեւ արծարծելու է հաւատքը եւ վստահութիւնը Անոր հանդէպ, որ մեզի համար իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ` արդէն սկսելով մսուրէն:

Իրապէս համոզուած եմ, եթէ մենք թոյլատրենք, որ Աստուծոյ ու ընկերոջ սէրը (Մրկ. 12,29-31) մտնէ մեր սրտերուն մէջ եւ միւռոնէ մեր արարքները, պիտի ծաղկեցնէ «հարիւրապատիկ» (Մտթ. 19,29) պտուղներ` մեր մտածումը, խօսքն ու առաքելութիւնը արժեւորելով յաւիտենական կեանքին համար:

Այո՛, պիտի փշրէ ամէնէն կարծրացածն ու պիտի բուժէ ամէնէն հիւանդը, քանի Աստուծոյ եւ ընկերոջ սէրը, որմէ «կախում ունին օրէնքն ու մարգարէները» (Մտթ. 22,40), շատ աւելի մեծ է եւ գերհզօր, քան աշխարհի ամէնէն բիրտ ուժը:

Ս. Ծննդեան պատգամը Տիրոջ անհուն մարդասիրութեան պատգամն է, որ մեզի կը պատուիրէ յարաճուն եւ գործնական սէրը մեր ընկերոջ հանդէպ, ինչպէս նաեւ «երկրին վրայ խաղաղութեան» աւետիսն է բոլոր անոնց, որոնք սիրելիներն են Անոր (Ղկ. 2,14):

Ի խորոց սրտի բխած մեր հայրապետական պատգամը ձեզի ուղղելով` 2023 տարուան ընթացքին կը հայցեմ «խաղաղութեան Իշխանէն», որ «ծնած Փրկիչը եւ օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2,11) անդորրութիւն ու համերաշխութիւն ամբողջ աշխարհին, բայց յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար, ինչպէս ալ շնորհազարդ ժամանակ ու առաքելաջան ծառայութիւն բոլորիդ համար` այսպէս  ցնծագին բացագանչելով իրարու. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Տուեալ ի պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 22 դեկտեմբեր, յամի Տեառն 2022, յԲ. ամի հայրապետութեան մերոյ:

Նախորդը

2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան Իմաստազրկման Վտանգը

Յաջորդը

14 Տարեկան Քամարտա Իր Նորամուտը Նշեց Ա. Սէ. Միլանի 19 Տարեկանէն Վար Խումբին Հետ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?