Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակ-Տարեմուտ (Բ.) Նոր Աշխատակարգի Հրամայականը

Դեկտեմբեր 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յատուկ խմբագրական պէտք է յատկացնել հարցախոյզին: Հարցախոյզի դրութիւնը օրինաչափ է 21-րդ դարու որեւէ հաստատութեան աշխատանքները ծրագրելու, ընթացքին նոր քայլեր առնելու կամ ընդհանրապէս աշխատանքային ռազմավարութիւն ճշդելու համար: Հարցախոյզը առարկայական մօտեցումներու նպաստող  հիմնական աշխատանք է. ներկայիս` գրեթէ պարտադիր մեթոտ: Առանց անոր թերի կը մնան մեր արժեւորումները, ենթակայական` նոյնիսկ: Ընթերցողներու նամականիներով կատարուած արձագանգումները, քննադատութիւնները կամ որեւէ խմբագրական երեւոյթ քննադատելու կամ փոխելու առաջարկները բաւարար չեն` հաշուի նստելու տարբեր կարծիքներու հետ:

«Ազդակ» թէ՛ իր կայքով եւ թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ իր ունեցած էջերով կը կարդար գնահատանքներ, քննադատութիւններ, առաջարկներ այս կամ այն նիւթերու մասին, ո՛չ միայն ներկայացման ձեւերը, այլ նոյնիսկ բովանդակութիւնը փոխելու առումով: Անոնք պարագայական էին եւ չէին քաջալերեր ընդհանուր կարծիք կամ մեծամասնութեան կարծիք իբրեւ նկատի առնուելու եւ ըստ այնմ քայլի դիմելու համար:

Կարելի է առարկել, որ հարցախոյզը եւս վերջնական տեսակէտ չէ կամ մեծամասնական կարծիք  չէ, որ իբրեւ բացարձակ հաստատում պէտք է նկատի ունենալ: Այնուամենայնիւ ընդունուած մեթոտաբանութիւն է տարբեր ոլորտներու  վերաբերող աշխատանքային ծրագիրի հիմնադրոյթներ որոշելու:

Մեր առաջին փորձը կայացաւ. «Զաւարեանական էջ»-ի ճամբով «Ազդակ-ի երիտասարդ աշխատակիցներու խումբի նախաձեռնութեամբ առցանց հարցախոյզը կատարուեցաւ: Մասնակցեցան 28 երկիրներէ 264 ընթերցողներ: Կարելի էր մասնակիցներու թիւը ընդլայնել: Իբրեւ առաջին փուլ բաւարարուեցանք մասնակիցներու այս թիւով:

Պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ հարցախոյզի իւրաքանչիւր հարցումի պատասխաններու համեմատական եզրայանգումներուն հետ, այս պարագային կեդրոնանալով բացթողումներուն վրայ. շուրջ 20 հարցում կայ սկսեալ խմբագրականէն մինչեւ մարզական, տպագիրէն մինչեւ առցանց, Հայաստանէն գաղութային եւ սփիւռք:

Խմբագրակազմը հերթական նիստեր պիտի ունենայ քննարկելու համար իւրաքանչիւր հարցումի պատասխաններուն եզրակացութիւնը: Այդ եզրակացութիւնները հրապարակուած են արդէն յաւելուածի ձեւաչափով եւ տեղադրուած «Ազդակ»-ի կայքին վրայ: Ընթերցողը կրնայ հետեւիլ ուրեմն այս ուղղութեամբ մեր առնելիք քայլերուն եկող տարուան ընթացքին:

Առցանց հարցախոյզը բաւական դիւրացուցած է վիճակագրական տուեալներ հաւաքելու աշխատանքը: Հանդիպումներ, տպագիր հարցաթերթիկներու լրացումներ պէտք չեն այլեւս: Կը բաւէ առցանց ուղարկել հարցարանը, եւ ընթերցողը իր բջիջայինի ճամբով կը պատասխանէ հարցումներուն: Այս գործնական դրութիւնը մեզ կը մղէ տարբեր առիթներու եւս կազմակերպելու այլ հարցախոյզեր, միշտ յենուելով մեր երիտասարդ աշխատակիցներու պատրաստակամութեան վրայ:

Առաջարկը նման աշխատակարգ որդեգրելու կու գար երիտասարդութենէն: «Ազդակ» պարզապէս որդեգրեց առաջարկը եւ համաձայնութիւն տուաւ ձեռնարկելու հարցախոյզին: Երիտասարդները ունէին ամբողջական իրաւասութիւն հարցումներուն ուղղութիւնը ճշդելու: Նախաձեռնողականութիւնը  յուսադրիչ է եւ կը մղէ մեզ միշտ երիտասարդութենէն ակնկալելու նորութիւն:

Եւ այս առումով ալ կը նախապատրաստուինք հարցախոյզ մը կազմակերպելու հիմնական նպատակ ունենալով հետեւեալ խնդիրը: Ի՞նչ պէտք է ընել մեր խմբագրական քաղաքականութիւնը միշտ նորացնելու եւ սերնդափոխութեան գործընթացը բնական եւ առողջ եղանակներով իրականացնելու համար:

Նախորդը

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Իրական Մեղաւորը» Խորագիրով Երթը Դէպի Կառավարութեան Շէնք

Յաջորդը

Մօտ Օրէն` «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?