Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Կուսակցութիւններու Ղեկավարները Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Դատապարտելու Ազրպէյճանը

Դեկտեմբեր 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի տարբեր առանցքային կուսակցութիւններու քաղաքական ղեկավարներ, միացեալ բաց նամակ հրապարակած են Ֆրանսայի մէջ մեծագոյն լսարան ունեցող «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ` հայցելով Ֆրանսայի նախագահի միջամտութիւնը` Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Բաց նամակին մէջ կը նշուի.

«Անհրաժեշտ է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնը:

«12 դեկտեմբերէն ի վեր Ազրպէյճանը գրաւած է Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը` այսպիսով ստեղծելով մարդասիրական մեծ աղէտի վտանգ: 120 հազար մարդ, որոնց շարքին 30 հազար երեխաներ, զրկուած են կենսական պաշարներէ, ներառեալ` սնունդէ եւ բժշկական անհրաժեշտ միջոցներէ: Ազրպէյճանը երեք օր շարունակ կտրած էր նաեւ կազի մատակարարումը` զրկելով Արցախի բնակչութիւնը ջեռուցումէն` ցրտաշունչ ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ:

Այս իրադարձութիւնը 2020 թուականի սեպտեմբերէն ի վեր հայերու դէմ` ըլլան անոնք Հայաստանի, թէ Արցախի հանրապետութիւններու քաղաքացներ, Ազրպէյճանի յարձակումներու սրման նոր փուլի սկիզբ է եւ կոպիտ խախտում կը հանդիսանայ թէ՛ միջազգային օրէնքին, թէ՛ Ժընեւի ուխտին եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ կայացած բանակցութիւններուն, որոնք կը նախատեսեն ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ հանգուցալուծում:

Հիմնաւորումներ կան կարծելու, որ Ազրպէյճանը այսպիսով կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շահագործէ որեւէ առիթ` իր գործելակերպով ապակայունացնելու եւ հալածելու համար Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց բնակիչները` յայտարարուած ցեղային զտման նպատակով:

Ազրպէյճանի գործողութիւնները` պատերազմական փաստագրուած ոճրագործութիւնները, ազգային ատելութեան տարածումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, 2020 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ յարձակումը եւ անոր գերիշխան տարածքի մէկ մասին ապօրինի բռնագրաւումը, քաղաքային բնակչութեան դէմ կրկնուող յանցագործութիւնները այլեւս անթոյլատրելի բնոյթ կը կրեն, ինչ որ որեւէ այլ հանգամանքի մէջ Ֆրանսային պիտի դրդէր միջամտել: Աւելի՛ն` վտանգուած է բարեկամ ազգի մը երկիրը` «Մեր արիասիրտ փոքրիկ դաշնակից Հայաստանը», ինչպէս ըսած է Ժորժ Քլեմանսօ:

(…) Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի ժողովրդավարական կամքի արտայայտութեան համահունչ` մենք հանրապետութեան նախագահէն կը խնդրենք կարելին ընել` ապահովելու համար Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տեւական անվտանգութիւնը: Այն պարագային, երբ Ազրպէյճան յայտարարած է, որ կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ որեւէ միջազգային բանակցութենէ, մենք` երեսփոխաններս եւ ծերակուտականներս, ձեզի կը դիմենք անյապաղ միջամտելու անուղղելին կանխարգիլելու համար` ձեռք առնելով հետեւեալ միջոցները.

– Դատապարտել Ազրպէյճանը` միջազգային օրէնքի կէտերու խախտման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի մէկ մասին բռնագրաւման եւ պատերազմական ոճրագործութիւններու համար,

– Արցախի մէջ նախատեսել մարդասիրական ներկայութիւն եւ Հայաստանին ցուցաբերել անյապաղ տնտեսական օգնութիւն,

– Հանդիպիլ Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ,

– Միջնորդել Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերներու մօտ` վերագործարկելու համար Ստեփանակերտի օդակայանը եւ ապահովելու Արցախի հետ օդային կապի անվտանգութիւնը,

– Հայց ներկայացնել Միջազգային քրէական դատարան` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ միջազգային խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու հեռանկարով:

«Պարո՛ն նախագահ, դուք այսօր ի զօրու էք կանխարգիլելու պատմութեան կրկնութիւնը եւ ուղղելու անոր անարդարութիւններէն մէկը: Դուք այսօր կրնաք ապացուցել Ազգերու հանրութեան, որ Ֆրանսան մեծ է եւ հաւատարիմ համաշխարհային արժէքներուն, իր իսկ բարոյական պարտքին եւ պատիւին:

«Պարո՛ն նախագահ, դուք, վերջապէս, կրնաք բոլոր մեր հայրենակիցներուն ապացուցել, որ Ֆրանսան ազատ է, որ ան կրնայ ձերբազատիլ քաղաքական կամ տնտեսական կարճատես ռազմավարութիւններէն` պաշտպանելու համար իր մարդասիրական իտէալները, որոնք մեր ազգի հիմքն են»:

Նամակը ստորագրած են Ֆրանսայի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Էրիք Սիոթի, Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Օլիվիէ Ֆոր, Ֆրանսայի Միաւորուած ժողովրդավարներու եւ անկախներու կուսակցութեան նախագահ, Ծերակոյտի անկախներու խմբակցութեան նախագահ Էրվէ Մարսէյ, Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆապիեն Ռուսել, Ֆրանսայի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու յանձնախումբի նախագահ Քրիսթիան Քամպոն, Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան եւ Ծերակոյտի Լեռնային Ղարաբաղի մասին միջազգային իրազեկութեան խումբի նախագահ Պրիւնօ Ռըթայօ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Համայնավարական խմբակցութեան նախագահ Էլիան Ասասի, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Բնապահպանութեան, համերաշխութեան եւ տարածքային կառավարման խմբակցութեան նախագահ Կիյոմ Կոնթար, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ընկերվարական եւ Բնապահպանութեան հանրապետական խմբակցութեան նախագահ Փաթրիք Քաններ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ եւ ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիա:

 

Նախորդը

Միքաթի Շնորհաւորեց Աուտէ Եպիսկոպոսը

Յաջորդը

«Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Հարթակը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Չէ» Կ՛ըսէ Պայրամով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?