Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակ-Տարեմուտ (Ա.). «Ազդակ»-Գիտական Հիմնարկներ Համագործակցութիւնը

December 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարին յատկանշական էր մեզի համար, որովհետեւ «Ազդակ» ամբողջացուց իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Բնականոն պայմաններու մէջ յոբելեանը լայն տարողութիւն եւ համեմատաբար մեծ շուք կը ստանար համարժէք ձեռնարկներով: Լիբանանի ներկայ պայմանները թոյլ չէին տար ակնկալուած տարողութեամբ նշելու 95-ամեակը: Յոբելեանին նուիրուած «Ազդակ»-ի թիւը լոյս տեսաւ յաւելուածի ձեւաչափով, «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ «Երկիր Մետիան» պատրաստեց տեսերիզ եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան հետ գործակցաբար ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի անցած ուղին ներկայացնող ամփոփ նիւթեր պատրաստուեցան: Այս շարքին մէջ պէտք է նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ նշել «Ազդակ»-ի հարցախոյզը դարձեալ զաւարեանականներու խումբի հետ համագործակցութեամբ, որ իբրեւ հետագայ աշխատանք նախանիշեր կը փոխանցէ խմբագրութեան:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հասցէին հնչած գնահատականները պարտաւորեցնող են: Ի տարբերութիւն նախկին յոբելենական տարեթիւերուն առիթով խմբագրութեան ուղղուած ուղերձներուն, այս պարագային նախընտրեցինք ունենալ գիտնականներու, մամուլի գործիչներու, ծանօթ հրապարակագիրներու, անուանի մտաւորականներու արժեւորումները «Ազդակ»-ի մասին եւ ակնկալութիւնները` անկէ: «Ազդակ»-ի անցած ուղին եւ ներկային մասին իրենց գնահատականները ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարկներու տնօրէններ, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի վարիչներ, ցեղասպանագէտներ, տեղեկատուական դաշտի պատասխանատուներ, Հայ դատի գրասենեակներու տնօրէններ եւ հայրենի թէ սփիւռքի յառաջատար մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ:

Գնահատականները յաւուր պատշաճի սահմաններէն հեռու էին եւ խորքին մէջ կ՛ընդգծէին «Ազդակ»-ի խմբագրական քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններն ու առանցքները: Ամէնէն շատ կը շեշտուէր բովանդակութեան համահայկականութիւնը: Կ՛ընդգծուէր բազմակարծութեան առիթ տալու երեւոյթը եւ պատասխանատու մամուլի հանգամանքը:  Առանցքային այս կէտերն էին, որոնք մղիչ դեր ունեցան «Ազդակ»-ի եւ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներուն, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին, Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուագիտական հիմնարկին, Ազգային գրադարանի տնօրէնութեան եւ յատկապէս անոր մամլոյ բաժանմունքին հետ համագործակցութեան նոր ծրագիրներ իրականացնելու:

Սփիւռքի, միջինարեւելեան իրադարձութիւններու թէ մամլոյ մերօրեայ խնդիրներու եւ նոյնիսկ արեւմտահայերէնի զարգացման  վերաբերեալ բոլոր համահայկական բնոյթի գիտաժողովներուն «Ազդակ» հրաւէր ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու:

Գիտական շրջանակներու կողմէ «Ազդակ»-ի նկատառումը պարտաւորեցնող է խմբագրութեան համար: Բովանդակութեան նշաձողի բարձրացման խնդիր կը դրուի այս ձեւով: Խմբագրութիւնը պէտք է քննարկէ իր օրաթերթի ընթացիկ էջերով տա՞լ նման նիւթեր, թէ յատուկ յաւելուածներ կամ նոյնիսկ հրատարակութիւններ յատկացնել գիտական նիւթերու:

Այս ուղենիշը, յամենայն դէպս պիտի դառնայ մեր խմբագրական քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը: «Ազդակ»-ը պէտք է առկայ կամ առցանց իր ներկայութիւնը շարունակէ հեղինակաւոր գիտական հաստատութիւններու կազմակերպած գիտաժողովներուն:

Այս համագործակցութեան եւ «Ազդակ»-ի նկատի առնուելուն երեւոյթի ձեւաւորման գործընթացին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ «Ազդակ»-ի առցանց լսարաններու կազմակերպումը, որոնցմէ շատերուն հրաւիրուեցան նոյն հիմնարկներուն մէջ անուն վաստակած դասախօսներ եւ գիտաշխատողներ: Այդ լսարանները պիտի շարունակուին, եւ «Ազդակ» պիտի շարունակէ հարթակ տրամադրել հայրենիքի թէ սփիւռքի կարեւորագոյն հայագիտական կեդրոններու մէջ իրենց արժանի դիրքը գրաւած սփիւռքագէտներու, պատմաբաններու, գրականագէտներու եւ արխիւագէտներու: «Ազդակ»-ի համապատասխան եութիուպեան ալիքին վրայ տեղադրուած դասախօսութիւններու շարքին տեսագրութիւնները համալսարանական բարձրորակ դասընթացքի մը հանրագումարը կը կազմեն:

Մամուլը կարելի չէ տարանջատել հայագիտական ոլորտէն: Եւ այս առումով «Ազդակ»-ի ներգրաւուածութիւնը կարեւոր ուղղութիւն է, որ իր շարունակականութիւնը պիտի ունենայ անպայման:

Նախորդը

Վերածնունդի Հրապարակէն Տասնեակ Հազարաւոր Արցախցիներ Կոչ Ուղղեցին` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 28 Դեկտեմբեր 2022)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.