«Ռուսիան մտահոգուած է Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին շուրջ յառաջացած լարուածութեամբ եւ պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման», վստահեցուցած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը շարունակէ եւ մտադիր է հետագային ալ շարունակել իր միջնորդական ջանքերը` կատարելով նախ եւ առաջ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ հիմունքներով»,- լրագրողներուն ըսած է Քրեմլինի բանբերը:
Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 27 դեկտեմբերին ԱՊՀ-ի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ քննարկած են Բերձորի միջանցքի նիւթը:
«Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի նիւթը իսկապէս շատ մանրամասն քննարկուած է երէկ չէ առջի օրը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փութինի եւ Փաշինեանի միջեւ, այդ նիւթով զրոյցները պիտի շարունակուին: Մենք իսկապէս մտահոգուած ենք այն լարուածութեամբ, որ այժմ յառաջացած է Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին շուրջ», ընդգծած է ան:
Փեսքով վստահեցուցած է, որ «ռուսական կողմը պիտի շարունակէ իր աշխատանքն ու ջանքերը թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ շփումներուն մէջ»:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային խաղաղապահներ ուղարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Փաշինեանի գաղափարին մասին` Փեսքով նշած է, որ «միջազգային խաղաղապահները կրնան ներգրաւուիլ, եթէ տագնապին երկու կողմերն ալ համաձայնին ատոր»:
«Եւ սա ո՛չ միայն Հայաստանն է, այլեւ Ազրպէյճանը: Հայաստանը մեր ամէնէն մօտ դաշնակիցներէն է, Ազրպէյճանը մեր շատ արժէքաւոր եւ թանկագին գործընկերն է», ըսած է Քրեմլինի բանբերը: