Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ստեփանակերտ-Պաքու Ձեւաչափին Իրաւական Նախադրեալը

Յունուար 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2022 թուականին ռուսական դիւանագիտութեան գործունէութեան արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը յատուկ տեղ յատկացուցած է Բերձորի միջանցքի հարցին եւ ընդհանրապէս հայ-ազրպէյճանական սահմանին:

Ամէնէն ուշագրաւ բացայայտումը այն է, որ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները հանդիպած են ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարութեան միջնորդութեամբ: Այս տեղեկութեան հրապարակայնացումէն անմիջապէս ետք Լաւրով յայտնած է, որ իր համոզումով` Բերձորի միջանցքը կը վերաբացուի շուտով:

Երբ միջանցքի բացման մասին կանխատեսում-հաստատում կը կատարուի Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպած ըլլալու փաստէն անմիջապէս ետք, ըսել կ՛ուզուի, որ կայացած է համաձայնութիւն:

Շարունակենք տրամաբանութիւնը: Միջանցքի բացման անմիջականութեան մասին յայտարարութիւն կատարողը պաշտօնական  Մոսկուան է: Այդ կը նշանակէ, որ Պաքուն համաձայնած է բանալ միջանցքը: Հետեւող հարցումը` Պաքուի այս համաձայնութեան դիմաց ի՞նչ խոստացած է  արցախեան կողմը:

Մինչ այսօր Ազրպէյճան ներկայացուցած է յարափոփոխ պահանջներ: Բնապահպանական խնդիրներէն մինչեւ Բերձորի անցքով սպառազինութեան փոխադրումի պատրուակ, մինչեւ «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի տրամադրում ու տակաւին Ստեփանակերտի իշխանութիւններու փոփոխութիւն, պետական նախարարի  հեռացում կամ Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարում, բոլորը Պաքուի ուղղակի անուղղակի պահանջներն են:

Միաժամանակ նկատենք, որ Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերու միացեալ յայտարարութիւնը վերստին կարմիր գիծերու հիմնադրոյթները բանաձեւած էր եւ այդ առումով տեղին հրապարակուած կեցուածք էր ամբողջ Արցախի քաղաքական դաշտին անունով: Հերթական անգամ Արցախի քաղաքական համակարգը գիտակցական որոշումով հանդէս կու գար նման օրհասական պահերու միասնական  օրինակելի դիրքորոշում որդեգրելով:

Բոլորովին այլ ուղղութիւն կը ստանան իրադրութիւնները, եթէ հակառակ Լաւրովի հաւաստիացումին, միջանցքը չբացուի. այդ կը նշանակէ, որ Պաքուն կը շարունակէ խախտել եռակողմ համաձայնութիւնը եւ արգելակել Բերձորի ճամբով երկու ուղղութիւններով ազատ շրջագայութիւնը, ըստ 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 6-րդ կէտին:

Լաւրով պարզաբանած է, թէ ազրպէյճանցիները տուեալներ տրամադրած են, որ հայկական կողմը ականներ տեղափոխած եւ ականապատած է Ազրպէյճանի հետ սահմանակից շրջանները: Այս յայտարարութիւնը երկու կարեւոր ընդգծում ունի: Նախ այն, որ բնապահպանական օրակարգի կեղծ ըլլալու ինքնախոստովանանքն է Պաքուի կողմէ: Գործուղուած բնապահպանները փակած են Գորիս- Ստեփանակերտը  այն պատճառով, որ Լաւրովին փոխանցած են այդ գործուղման ետին կանգնած Պաքուի իշխանութիւնները:

Երկրորդ ընդգծումը ուղղուած է Մոսկուային: Փաստօրէն այս ձեւով Պաքուն կը մեղադրէ Մոսկուան, որ չէ կրցած իրականացնել իր խաղաղապահ առաքելութիւնը` թոյլ տալով, որ հայկական կողմը սպառազինութիւն փոխադրէ Գորիս-Ստեփանակերտով:

Խնդիրը սակայն այլ նպատակ կը հետապնդէ: Բերձորի միջանցքին վրայ ազրպէյճանական անցակէտեր տեղադրելն է: Այստեղ արդէն 6-րդ եւ 9-րդ կէտերու հաւասար յարաբերակցութեան հարցն է, որ կ՛արծարծուի:

Եթէ Նախիջեւան-Ազրպէյճան բացուելիք ճանապարհին վրայ հայկական կողմը անցակէտեր տեղադրելու ծրագիր ունի, ապա Պաքուն  Գորիս- Ստեփանակերտ ճանապարհին վրայ եւս անցակէտեր պիտի տեղակայէ: Միջանցք-միջանցքի դիմացը կը վերափոխուի ճանապարհային կարգավիճակ-ճանապարհային կարգավիճակ խաղի հաւասար կանոնի:

Այս պարագային սակայն խնդիրը Արցախի ներկայացուցիչներու բանակցային լիազօրութենէն անդին է, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի հայաստանեան տարածքներուն:

Կը թուի, որ Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցութիւններու նոր ձեւաչափը ստեղծուած է արդէն: Այդ ձեւաչափը պէտք չէ սահմանափակուի միայն Բերձորի միջանցքի  բացման օրակարգի քննարկումով: Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կը ներկայացնեն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը իրացուցած ժողովուրդ մը: Պաքուի կողմէ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն հետ բանակցիլը նախադրեալ է այդ բոլորի իրաւականացման երթին համար:

«Ա.»

Նախորդը

Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ  Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In