Ազրպէյճան Ֆրանսան Ու Հայաստանը Կը Մեղադրէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովի Յայտարարութեան Համար
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսան մեղադրած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը իբրեւ «իր արտաքին քաղաքականութեան գործիք օգտագործելու յանցանքով»` յայտարարելով, որ այնտեղ որդեգրուելիք փաստաթուղթերը պիտի նկատուին «քաղաքականապէս կողմնակալ»: Թունուզի մէջ ընթացող վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած նախարարական հանդիպումի ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ կազմակերպութեան անդամներու հակաազրպէյճանական դիրքորոշման վերաբերեալ յայտարարութիւնները Պաքուն «սադրիչ» որակած է: Միրզոյեան Ֆրանսախօս աշխարհին մէջ ճգնաժամային...




















