Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

January 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ 19 յունուարին բռնկած հրդեհի պատճառով, զոհուած է 15 զինուոր, 3 զինուորի վիճակը կը գնահատուի ծանր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան N զօրամասէն Վարդենիսի Ռազմական ոստիկանութեան բաժին 19 յունուարի առաւօտեան ժամը 5:15-ին հեռախօսագիր ուղարկուած է, որ նոյն օրը` առաւօտեան ժամը 1:30-ի սահմաններուն մէջ, նշուած զօրամասի Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած շինութեան մէջ վառարանը ինքնաշարժի պենզինով վառելու ընթացքին հրդեհ  բռնկած է: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է ընդհանուր դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հրդեհին պատճառով անձնակազմէն 15 պարտադիր ժամկէտային զինուոր զոհուած է: Նոյն զօրամասի վեց պարտադիր ժամկէտային զինուորներ եւ մէկ սպայ մարմնական վնասուածքներով, առաւօտեան ժամը 2:00-ի սահմաններուն մէջ, տեղափոխուած են Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոց:

Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 532-րդ յօդուածի 4-րդ մասի յատկանիշներով առերեւոյթ յանցագործութեան տարրերու առկայութեան փաստով կազմուած փաստաթուղթերը երէկ ուղարկուած  են Քննչական կոմիտէի Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան 5-րդ կայազօրային քննչական բաժին` հետագայ ընթացքը որոշելու համար:

Դէպքի վայրին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ գործողութիւնները, միջոցներ կը ձեռնարկուին դէպքի հանգամանքները ամբողջութեամբ պարզելու համար:

Երէկ աւելի ուշ Հայաստան կառավարութեան նիստի ընթացքին Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քարամեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան N զօրամասի կացարանին մէջ 15 զինուորներու մահուան յանգեցուցած հրդեհի դէպքով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:

«Դէպքին առիթով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի  532-րդ յօդուածի 4-րդ մասով, այն է` շրջապատի համար վտանգ ներկայացնող նիւթերու հետ վարուելու կանոններու խախտում, ինչ որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է 2 եւ աւելի անձի մահ: Դէպքի վայրը կը գտնուին քննչական խումբի անդամները, որոնք ամբողջ գիշերը աշխատած են: Ներգրաւուած են նաեւ փորձագէտներ, եւ կայ նախնական վարկած, որ հրդեհը տեղի ունեցած է ջեռուցման հետ կապուած հարցի մէջ անվտանգութեան կանոններու խախտման պատճառով: Ատիկա նախնական վարկած է, որ այս պահու դրութեամբ հիմնաւորուած է», ըսաւ Քարամեան:

Յայտնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Հայաստանի Զինուած ուժերի երկրորդ բանակային զօրամասի հրամանատար  նշանակուած է Գարեգին Պօղոսեան:  Աւելի կանուխ նախագահի հրամանագիրով 2-րդ բանակային զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն ազատ կացուցուած էր Վահրամ Գրիգորեանը: Վահրամ Գրիգորեանի պաշտօնանկութիւնը յաջորդած էր Գեղարքունիքի մարզին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական հրդեհին, որուն պատճառով զոհուեցաւ 15 զինուոր:

Գարեգին Պօղոսեանը արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին` 22 հոկտեմբեր 2020-ին պարգեւատրուած է «Հայրենիք»-ի շքանշանով: Ան կոչումով գնդապետ է:

 

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

Յաջորդը

Ակնարկ. Ստեփանակերտ-Պաքու Ձեւաչափին Իրաւական Նախադրեալը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.