Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:
«Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Հանդիպման սկիզբը նախարար Միրզոյեան շնորհաւորած է Իմանկալի Թասմակամպեթովը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք եւ յաջողութիւն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ առկայ ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւն հանդիսացող Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական նախայարձակումին վերաբերեալ կազմակերպութեան յստակ եւ հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին: Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու եւ Ազրպէյճանի դէմ հրատապ միջոց կիրարկելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 22 փետրուարին կայացուած որոշման կատարման հրամայականը:
Հանդիպման ընթացքին ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ներկայացուցած է նախօրէին Ջերմուկ կատարած այցելութենէն իր տպաւորութիւնները:
Միրզոյեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանական կողմը իր շարունակական սադրանքներով կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը, իսկ Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը միտուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ լայնածաւալ ուժի կիրարկման համար հող նախապատրաստելուն: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ գործուն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` Ազրպէյճանի կողմէ իր պարտաւորութիւնները կատարելու եւ ուժի կիրարկման դրսեւորումները բացառելու ուղղութեամբ: