Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Նոր Զեկուցումով Կը Դատապարտէ Հայաստանի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը Եւ Բերձորի Միջանցքի Փակումը

Մարտ 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նոր զեկուցումին մէջ կը յիշատակուին Բերձորի միջանցքով քաղաքային երթեւեկի փակումը, սեպտեմբերեան մարտերուն ժամանակ պատերազմական գերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021-ի սկիզբը քաղաքային անձերու, ներառեալ տարեցներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեյարդարները:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է գործօն դերակատարութիւն ունենալու` իբրեւ յուսալի առեւտրական գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ` իր քայլերը հիմնելով ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքը յառաջ մղելու վրայ», կը նշեն զեկուցումի հեղինակները` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ստեղծած տագնապը իր ազդեցութիւնը ունեցած է Հարաւային Կովկասի վրայ եւ առաւել եւս բարդացուցած շրջանի անվտանգային իրավիճակը:

Եւրոպական խորհրդարանը կը նկատէ, որ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զինեալ տագնապը տարիներու ընթացքին հսկայական տառապանք ու քանդում պատճառած է, նկատառելի կերպով խոչընդոտ հանդիսացած է ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանի զարգացման ու կայունութեան եւ ընդհանուր կերպով կ՛ազդէ եւրոպական կայունութեան վրայ:

«(Խորհրդարանը) համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կենսունակ խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ զինուորական միջոցներով եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքով, այլ կը պահանջէ համապարփակ քաղաքական լուծում մը, որ համահունչ է միջազգային օրէնքին, ներառեալ ՄԱԿ-ի ուխտին մէջ ամրագրուած սկզբունքները, 1975-ի ԵԱՀԿ-ի Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրը, մասնաւորաբար ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման երեք սկզբունքները, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի 2009-ի հիմնարար սկզբունքները, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները, ներառեալ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրը:

«(Խորհրդարանը) կը վերահաստատէ, որ ազդու ըլլալու համար համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է ներառէ կէտեր, որոնք կ՛երաշխաւորեն Հայաստանի գերիշխան տարածքի ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ տագնապէն ազդուած այլ շրջաններու մէջ բնակող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու շուտափոյթ եւ ապահով վերադարձը իրենց տուները:

«(Խորհրդարանը) միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ մօտէն զբաղելու այս տագնապով, որ կը վերաբերի ամբողջ շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան»:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը յիշատակուի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` 7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը` առնչուած Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործին մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ներգրաւուածութեան:

«Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ սեպտեմբեր 2022-ին Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ բազմաթիւ թիրախներու դէմ լայնածաւալ զինուորական յարձակումը… Կը դատապարտէ զինուորական ներխուժումները, որոնք մայիս 2021-էն ի վեր գործուած են չսահմանազատուած սահմանով, բոլոր ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ վերադառնալու իրենց նախկին դիրքերը, կը դատապարտէ խաղաղութեան հոլովոյթը խաթարող որեւէ փորձ եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն», նշուած է զեկուցումին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրին առնչութեամբ, կը դատապարտէ Պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «Ռազմավարներու զբօսայգի»-ի բացումը, կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւն տեղակայելու շուրջ համաձայնագիրը եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ երկկողմանի հաղորդակցութիւնները:

Միեւնոյն ժամանակ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի հետ քաղաքական եւ ուժանիւթային ոլորտի գործընկերութիւնը խորացնելէ առաջ Ազրպէյճան պէտք է բարելաւէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու առնչուած կացութիւնը, որ «տակաւին կը գնահատուի շատ բացասական»: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող փտածութեան, կիներու դէմ բռնութիւններուն, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն:

 

 

Նախորդը

Քալըն Ուաշինկթընի Մէջ Սալիվընի Եւ Նուլընտի Հետ Քննարկած Է Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցային Հոլովոյթը

Յաջորդը

Շոլց. «Մեր Ընդհանուր Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Արագ Եւ Կենսունակ Լուծում Գտնելը` Ի Շահ Տեղւոյն Բնակչութեան»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?