Գերմանիան պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող կացութեան երկարաժամկէտ եւ իրագործելի լուծում գտնելու ուղղութեամբ` ի բարօրութիւն տիրող տեղւոյն բնակիչներուն: Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:
Ան վերահաստատած է Գերմանիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ աշխուժացումը: «Անցեալ տարի նշեցինք տարեդարձ մը` մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը: Մենք ատոր վրայ կը կառուցենք», ըսած է Շոլց:
Վարչապետարանին մէջ քննարկման նիւթ եղած է նաեւ այն, թէ Ազրպէյճանն ու Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կրնան առաւել եւս աշխուժացնել Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները:
Շոլցի համաձայն, Ազրպէյճանը Գերմանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան համար «աճող կարեւոր գործընկեր է»: Երկիրը ներուժ ունի կարեւոր ներդրում ունենալու գերմանական եւ եւրոպական ուժանիւթի մատակարարման բազմազանացման գործին մէջ:
Հանդիպումին քննարկուած է նաեւ Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա եւ ատոր ազդեցութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին վրայ: «Ես յստակ յայտնած եմ մեր դիրքորոշումը. ռուսական յարձակողական պատերազմը միջազգային օրէնքի խախտում է», հաստատած է Գերմանիոյ վարչապետը: Ռուսիոյ ուղղուած պահանջը պարզ է` «Փութին պէտք է դադրեցնէ իր զաւեշտալի ծրագիրը եւ ռուսական զօրքերը դուրս բերէ Ուքրանիայէն»:
Ան ըսած է, որ ռուսական յարձակողական պատերազմը նաեւ աշխարհաքաղաքական շրջադարձ կը նշէ: Համաձայնութիւն կայ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարամեայ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերը առանցքային նշանակութիւն ունին, յատկապէս Ուքրանիոյ դէմ ռուսական պատերազմի լոյսին տակ: Գերմանիոյ վարչապետին համաձայն, Գերմանիան մտահոգուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին անկայուն կացութեամբ:
«Կացութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ անկայուն է եւ կը պարունակէ հետագայ մագլցումներու վտանգ: Անցեալ քանի մը շաբաթներու եւ ամիսներու իրադարձութիւնները կրկին ու կրկին ցոյց տուած են այդ:
«Յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը հետզհետէ աւելի ու աւելի ճգնաժամային կը դառնայ: Հետեւաբար, մեր ընդհանուր նպատակը պէտք է ըլլայ այս տագնապին արագ եւ կենսունակ լուծում գտնելը` ի շահ տեղւոյն բնակչութեան»:
Վարչապետը ընդգծած է, որ տագնապին խաղաղ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ: Ասիկա կը ներառէ յարգել Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը: Կարեւոր է ապահովել, որ երկու պետութիւններու բոլոր բնակիչներու մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգուին միջազգային չափանիշներուն եւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան:
Շոլց գնահատած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդական ջանքերը, ինչպէս նաեւ ողջունելի գտած է, որ Ալիեւ վերջերս քանի մը անգամ հանդիպած է իր հայաստանցի գործընկերոջ հետ: «Կայ համաձայնութիւն, որ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ ճամբով», ընդգծած է վարչապետը:
«Ազրպէյճանն ու Գերմանիան հաւատարիմ են մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան պաշտպանութեան: Եւ մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ ատոր վրայ», զգուշացուցած է Շոլց` աւելցնելով, որ կենսունակ քաղաքացիական հասարակութիւնը ժողովրդավարութեան մէկ մասն է. ասիկա Գերմանիոյ հիմնական համոզումներէն մէկն է: «Մենք կրնանք միայն օգուտ քաղել անկէ, մենք նոյնպէս այդ մասին խօսած ենք», աւելցուցած է ան: