Գլխաւոր լուրեր

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Արցախի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացների համատեքստում վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնանկութիւնը, հակառակ ներկայացուած բացատրութիւն-հիմնաւորումների, բազմաթիւ հարցերի ու մտահոգութիւնների տեղիք է տալիս: Հանրային տրամադրութիւնների անտեսմամբ եւ առանց դերակատար քաղաքական ուժերի համախոհութեան նման որոշման կայացումը, անկախ դրդապատճառներից, ինքնին անընդունելի է: Խնդիրն այն է, թէ Արցախի դիմադրողականութեան առումով որքանո՛վ է կայացուած որոշումը ճիշդ: Ի սկզբանէ յայտնի էր, որ պետնախարարի պաշտօնում Ռուբէն...

Միրզոյեան. «ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայումը  Լաչինի Միջանցքին Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Նուազագոյնն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Կրնայ Ընել»

Միրզոյեան. «ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայումը Լաչինի Միջանցքին Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Նուազագոյնն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Կրնայ Ընել»

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը շարունակաբար անտեսուած է, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 52-րդ նիստին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: Նախարարը յայտնեց Հայաստանի հաստատակամ համոզումը, որ ՄԱԿ-ի միջգործակալական առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այն նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել այս պայմաններուն մէջ: «ՄԱԿ-ը օժտուած է համընդհանուր լիազօրութեամբ եւ պէտք է անվերապահ եւ...

Լաւրով. «Լաչինի Ճամբուն Վրայ Անցակէտի  Տեղադրում Նախատեսուած Չէ»

Լաւրով. «Լաչինի Ճամբուն Վրայ Անցակէտի Տեղադրում Նախատեսուած Չէ»

«Մեր միջազգային գործընկերներէն շատեր հետաքրքրուած են` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթին», այս մասին 27 փետրուարին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Մենք, ինչպէս Ռուսիոյ նախագահ Փութին բազմիցս ըսած է, կ՛ողջունենք կացութիւնը կայունացնող որեւէ ջանք, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ այստեղ գտնուող բոլոր երկիրներուն համագործակցելու` փոխադարձ յարգանքի ու շահերու հիման...

Տոլարի Փոխարժէքը Կը Շարունակէ Սաւառնիլ,  Իսկ Հանրախանութներուն Մէջ Ապրանքներուն  Սակերը` Ամերիկեան Տոլարով

Տոլարի Փոխարժէքը Կը Շարունակէ Սաւառնիլ, Իսկ Հանրախանութներուն Մէջ Ապրանքներուն Սակերը` Ամերիկեան Տոլարով

Ճիշդ է, որ Դրամատուներու միութեան որոշումին համաձայն, դրամատուները բացին իրենց դռները, սակայն այդ իրականութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը կասեցնելու իմաստով: Ընդհակառակն` սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը կը գտնուի 90.000 լ. ոսկիի սեմին, իսկ սղաճը աւելի եւս կը ծանրաբեռնէ լիբանանցիները, որոնց ստացած աշխատավարձերը օրըստօրէ կը սահմանափակեն իրենց գնելու կարողութիւնը: Կեանքը կը դառնայ ահաւոր, լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը հազիւ թէ...

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը  Կը Քննէ Բերձորի Միջանցքի Ապաշրջափակման  Պահանջով Հայաստանի Հայցը

Ակնարկ. Միջազգային Դատարանի Որոշումին Աշխարհաքաղաքական Բաժինը

Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը` Պաքուին պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին համար: Մանաւանդ որ միաժամանակ մերժուած է Ազրպէյճանի դիմումը նոյն դատարանին, ուր Հայաստանը կը մեղադրուէր Արցախն ու յարակից տարածքները ականապատելու յանցանքով: Այս պահանջը ըստ էութեան կը հիմնաւորէր Ազրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման գործողութիւնները: Անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ստեփանակերտի Համար Բացարձակապէս  Անընդունելի Է Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի  Միջեւ Երկխօսութեան Տեսլականը»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախի Շրջափակման Հիմքին Մէջ Կայ Ազրպէյճանի Ձգտումը` Արցախի Ժողովուրդը Զրկելու Հայրենիքէն Եւ Ի Վերջոյ` Ոչնչացնելու»

Սումկայիթի ջարդերուն 35-ամեակին առիթով երէկ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ «այսօր կը լրանայ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն ողբերգական ու հրէշաւոր էջերէն մէկուն` Սումկայիթի ջարդերուն 35-ամեակը: 1988 թուականի փետրուարի 27-29-ը` Պաքուէն ընդամէնը 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումկայիթ քաղաքին մէջ, ազրպէյճանական իշխանութիւններու յանցաւոր թոյլտուութեամբ եւ նոյնիսկ ցուցմունքով, տեղի ունեցան քաղաքի հայ բնակչութեան...

Ապտոլլահեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին.  Միրզոյեան Ընդգծած Է Առանց Նախապայմանի  Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակումը  Անյապաղ Դադրեցնելու Հրամայականը

Ապտոլլահեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Միրզոյեան Ընդգծած Է Առանց Նախապայմանի Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակումը Անյապաղ Դադրեցնելու Հրամայականը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 27 փետրուարին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրուած է Հայաստանի եւ Իրանի...

Նետերլանտցի Երեսփոխանները Երկրի  Արտաքին Գործոց Նախարարին Կոչ Ուղղած Են  Բերձորի Միջանցքի Փակման Վերջ Տալու  Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկելու

Նետերլանտցի Երեսփոխանները Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին Կոչ Ուղղած Են Բերձորի Միջանցքի Փակման Վերջ Տալու Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկելու

Նետերլանտներու խորհրդարանի 13 երեսփոխան երկրի արտաքին գործոց նախարարին կոչ ուղղած են քայլեր ձեռնարկելու Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման եւ դէպի Արցախ անխափան ելեւմուտքի վերականգնման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Երեսփոխանները արտաքին գործոց նախարար Վոպքէ Հոքսթրային հաղորդած են յստակ դիրքորոշում արտայայտել Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման իրագործման առնչութեամբ, ըստ որուն, Ազրպէյճանը պէտք է ձեռնարկէ բոլոր...

«Բագին»-ը` Վաթսունամեայ Յանձնառութեամբ  Ու Նոր Նախաձեռնութեամբ

«Բագին»-ը` Վաթսունամեայ Յանձնառութեամբ Ու Նոր Նախաձեռնութեամբ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ` «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը, 2022-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ գրական կամուրջ հանդիսացած ու աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»-ը, գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական  իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը: Անցնող տասնամեակներուն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով «Բագին»-ը հրապարակած է...

«Լա Հէյի Դատարանի Որոշումները  Ենթակայ Են Պարտադիր Կատարման»  Կ՛ըսէ Կութիերես

«Լա Հէյի Դատարանի Որոշումները Ենթակայ Են Պարտադիր Կատարման» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շեշտած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման` յուսալով, որ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար պիտի ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը տարածած է անոր բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ի գիտութիւն կ՛ընդունի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, որոնք որդեգրուած են 22 փետրուարին...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան  35-Ամեակին Առիթով.  Ժողովրդային Ոգեկոչում – Հաւաք`  Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով. Ժողովրդային Ոգեկոչում – Հաւաք` Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ազրպէյճանական ամբոխին կողմէ փետրուար 1988-ին ծրագրուած ու իրագործուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակը Պէյրութի մէջ նշուեցաւ պահանջատիրութեան մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) երէկ` կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին ժողովրդային ոգեկոչման հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ լիբանանահայ համայնքի պետական, յարանուանական,...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ օր Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Նետերլանտներու, Շուէտի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ ներկայացնելէ ետք արցախահայութեան Հայաստանին միանալու խաղաղ շարժումին Ազրպէյճանի բիրտ ու վայրագ հակազդեցութիւնն ու Արցախի` 1991-ին Խորհրդային Միութեան ներքին օրէնսդրութեան ու անկախ պետութիւն...

Աքքարի Մէջ.  Շէյխ Ահմետ Ռիֆայի  Սպաննուած Գտնուեցաւ

Աքքարի Մէջ. Շէյխ Ահմետ Ռիֆայի Սպաննուած Գտնուեցաւ

Քանի մը օր առաջ լիբանանեան լրատուամիջոցները անդրադարձան Աքքարի շէյխերէն Ահմետ Ռիֆայիի անյայտ կորսուելու լուրին` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը տեղեակ պահուած են այս իմաստով եւ կը փորձեն գտնել անոր հետքերը: Ուրբաթ երեկոյեան պաշտօնական աղբիւրներ այս իմաստով հաղորդեցին, թէ գտնուած է շէյխ Ա. Ռիֆայիի ինքնաշարժը, իսկ օր մը ետք` շաբաթ երեկոյեան հաստատուեցաւ, որ շէյխ Ահմետ Ռիֆայի սպաննուած է, իսկ կիրակի առաւօտեան կանուխ...

Արաբական Խորհրդարանական  Համադաշնակցութեան  Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Դամասկոս

Արաբական Խորհրդարանական Համադաշնակցութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դամասկոս

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Հալպուսիի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Պաղեստինի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Օմանի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւններու նախագահներն ու Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարը: Իրաքի խորհրդարանը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Սուրիա 6...

Խմբագրական.  Սումկայիթէն Բերձոր. Լիբանանահայութեան Համակարգուած Աշխատանքի Փաստը

Խմբագրական. Սումկայիթէն Բերձոր. Լիբանանահայութեան Համակարգուած Աշխատանքի Փաստը

Սումկայիթեան եղեռնագործութեան ոգեկոչումը Լիբանանի մէջ կը կատարուի միացեալ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները հանրութեան կը ներկայանան միասին` նոյն պահանջներով եւ առաջադրանքներով, պայքարը շարունակելու եւ զոհերուն արդար հատուցում պահանջելու նոյն մօտեցումներով: Լիբանանցի քաղաքացին այսօր հեռու է մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրներու նկատմամբ զգայնութիւն ցոյց տալու, հակազդելու եւ արդար պայքարին իր զօրակցութիւնը յայտնելու սկզբունքներէն: Ան կը տուայտի տնտեսական տագնապի ծանրագոյն հետեւանքները կրելու դժնդակ պայմաններու մէջ...

Արթուր Մոսիեան. «Կտրականապէս Դէմ  Արտայայտուած Ենք Լաչինի Միջանցքին Մէջ  Սքենըրի Տեղադրման»

Արթուր Մոսիեան. «Կարճ Ժամանակի Մէջ Ռուբէն Վարդանեան Դարձած Է Պայքարի Խորհրդանիշը, Եւ Զայն Հեռացնելը Լաւ Բան Չի Յուշեր»

«Արայիկ Յարութիւնեանը իբրեւ թէ բացատրութիւն տուած է, թէ ինչո՛ւ  ազատ կացուցած է Ռուբէն Վարդանեանը Արցախի պետական նախարարի պաշտօնէն, բայց, այդ ե՛ւ Ալիեւի, ե՛ւ Նիկոլի պահանջն էր. ես միշտ ըսած եմ, որ Արցախին վերաբերող որեւէ հարցի մէջ անոնք ներդաշնակ կը գործեն: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան` անդրադառնալով նախանցեալ օր Արցախի նախագահ...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ծիծեռնակաբերդի  Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է  Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն: «Դեսպան Քուին ծաղիկներ դրաւ Ծիծեռնակաբերդի ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն», նշուած է դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Դեսպանը նաեւ այցելած է Ցեղասպանութեան թանգարան, որուն յուշամատեանին մէջ ըրած...

«Քեմալական Թուրքիոյ Նպատակը Եղած Է Հայաստանի Ոչնչացումը». Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

«Քեմալական Թուրքիոյ Նպատակը Եղած Է Հայաստանի Ոչնչացումը». Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

«Ազդակ»-ի 53-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հէնքը, իսկ դասախօսը` ակադեմիկոս, թրքագէտ  փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը դիտել տուաւ, որ պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ վերնախաւի գործելաոճը քեմալական շրջանին, ինչ որ այժմէական նշանակութիւն ունի` ճիշդ ընկալելու համար Հայաստանի նկատմամբ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութիւնը: Փրոֆ. Սաֆրաստեան խօսեցաւ Քեմալի թուրք հասարակութեան ունեցած...

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս.  «Սիրուհի Պուտագեան» Ֆոնտի Հաստատումով «Ազդակ» Կը Վերաձեռնարկէ Մատենաշարի Հրատարակութեան

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս. «Սիրուհի Պուտագեան» Ֆոնտի Հաստատումով «Ազդակ» Կը Վերաձեռնարկէ Մատենաշարի Հրատարակութեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» Գ. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ  Խրոյեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան ժանրին, ուր տողերն ու նախադասութիւնները կրնան չկէտադրուիլ, անկաշկանդ մնալ, իսկ հոն պարզուած պատկերները նուազագոյն բառերով ամէնէն խորքայինը կրնան արտայայտել:...

Արցախի Նախագահի Հրամանագիրով  Ռուբէն Վարդանեան Ազատ Կացուցուած Է Պաշտօնէն

Արցախի Նախագահի Հրամանագիրով Ռուբէն Վարդանեան Ազատ Կացուցուած Է Պաշտօնէն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ 23 փետրուարին տեղի ունեցած է կառավարութեան նիստ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, երկրի ղեկավարը ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները` ծագող խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ: Կառավարութեան նիստի ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան հրապարակած է նաեւ Ռուբէն Վարդանեանը պետական նախարարի պաշտօնէն ազատ...

Page 249 of 796 1 … 248 249 250 … 796

Արխիւներ