Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛արձագանգէ  Գերմանիոյ Վարչապետի Յայտարարութեան`  Զայն Նկատելով «Առաջին Ու Ճիշդ Ուղղութեամբ Քայլ Մը»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛արձագանգէ Գերմանիոյ Վարչապետի Յայտարարութեան` Զայն Նկատելով «Առաջին Ու Ճիշդ Ուղղութեամբ Քայլ Մը»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլին յղեց նամակ մը` անդրադառնալով 2 մարտ 2023-ին Գերմանիոյ վարչապետին կատարած «Գերմանիան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Աւելի՛ն, այս բոլոր սկզբունքներն ալ համահաւասար են» յայտարարութեան: Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը չի կրնար...

Խմբագրական.  Ինքնորոշման Իրաւունքի Վերարծարծման Ծալքերը

Խմբագրական. Ինքնորոշման Իրաւունքի Վերարծարծման Ծալքերը

Գերմանիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը  գրաւած է բոլոր լուսարձակները: Երկար ատենէ ի վեր միջազգային նման մակարդակէ  ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրաւադրոյթը չէր հնչած. յատկապէս` 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի բարձրաձայնումը եւ զայն հաւասարազօր նկատելը` տարածքային ամբողջականութեան հիմնադրոյթին, ըստ էութեան ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքներու կարեւորագոյն եռակէտին կ՛անդրադառնայ: Աւելի մասնակի` մատրիտեան սկզբունքներուն, ուր փոխզիջման առանցքային բանաձեւը հիմնուած էր կարգավիճակ` տարածքներու դիմաց...

Ազրպէյճանցիները Կրակ Բացին Գեղարքունիքի  Նորաբակ Գիւղին Ուղղութեամբ.  Հայ Զինուոր Մը` Նահատակուած

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաքուի Կողմէ Հրադադարի Խախտումները Կը Վկայեն Բերձորի Միջանցքի Ապաշրջափակման Չկամութեան Մասին»

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութեամբ անդրադարձած է 2-էն 3 մարտի լոյս գիշերուան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումներու կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարի խախտման` նշելով, որ Արցախի ապօրինի շրջափակումը անյապաղ վերացնելու անհրաժեշտութեան պարունակին մէջ մարդասիրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերով կողմերուն միջեւ կայացած քննարկումներու խորապատկերին վրայ Ազրպէյճանի գործողութիւնները ակնյայտօրէն կը...

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը  Կոչ Կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու  Իշխանութիւններուն Ընդլայնելու Արցախին Յատկացուող Աջակցութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւններուն Ընդլայնելու Արցախին Յատկացուող Աջակցութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու Արցախին յատկացուող աջակցութիւնը 2024 թուականին` զայն հասցնելով 75 միլիոն տոլարի` հաշուի առնելով արդէն գրեթէ երեք ամիսէ ի վեր շարունակուող շրջափակումը, 2020-ի պատերազմի հետեւանքները: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեանի համաձայն, արդէն յաջորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պիտի սկսի 2024-ի պիւտճէի քննարկումներուն: «Դժբախտաբար, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրած է մարդասիրական...

Լաւրով Եւ Միրզոյեան Քննարկած Են  Բերձորի Միջանցքի Փակման Եւ Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Խափանման Հետեւանքով  Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Լաւրով Եւ Միրզոյեան Քննարկած Են Բերձորի Միջանցքի Փակման Եւ Ելեկտրականութեան Մատակարարման Խափանման Հետեւանքով Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

«Ռայիսինա երկխօսութիւն» խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ Նիւ Տելհի գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:...

Շոլց. «Պէտք Է Հասնիլ Խաղաղ Հանգուցալուծման  Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Քաղաքացիներու  Ինքնորոշման Իրաւունքի Տեսանկիւնէն»

Շոլց. «Պէտք Է Հասնիլ Խաղաղ Հանգուցալուծման Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Քաղաքացիներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Տեսանկիւնէն»

Գերմանիան մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ սրող մարդասիրական իրավիճակով: Գերմանիան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: Շոլց յայտնեց, որ Փաշինեանի...

Արցախի Թեմի Առաջնորդը Ընդունած Է  Միջկուսակցական Համակարգող  Մարմինի Ներկայացուցիչները

Արցախի Թեմի Առաջնորդը Ընդունած Է Միջկուսակցական Համակարգող Մարմինի Ներկայացուցիչները

Երէկ` 2 մարտին, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան ընդունած է Արցախի մէջ գործող երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները` ՀՅԴ Արցախի կառոյցէն Դաւիթ Իշխանեանը եւ Արթուր Մոսիեանը, «Արդարութիւն» կուսակցութենէն Յակոբ Յակոբեանը, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութենէն Աշոտ Ղուլեանը: Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները սրբազան հայրը տեղեակ պահած են Միջկուսակցական համակարգող մարմինի նպատակներուն եւ հետագայ գործունէութեան մասին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի շուրջ...

Պաքուն Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ  Երկխօսութիւնը Կայացած Կը Նկատէ

Պաքուն Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Երկխօսութիւնը Կայացած Կը Նկատէ

Երկխօսութիւնը կայացած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի օր Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է ազրպէյճանական կողմի բանագնաց Ռամին Մամետով: Ազրպէյճանցի երեսփոխանը «Քալիպըր» թերթին որոշ մանրամասնութիւններ պատմած է Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպումին մասին: «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ առաջնային համաձայնութիւնը այն է, որ անհրաժեշտութեան պարագային բանակցութիւններուն...

Խմբագրական.  Կը Հեռակառավարուին Թէ՛ Պետական Դաշտը  Եւ Թէ՛ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը

Խմբագրական. Կը Հեռակառավարուին Թէ՛ Պետական Դաշտը Եւ Թէ՛ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը

Լիբանանեան դրամանիշի անսանձ  գահավիժումի իւրաքանչիւր նոր փուլ իր  քաղաքական բացատրութիւնները ունի: Ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններ, հակոտնեայ դիրքորոշումներ, հրաժարեալ կառավարութեան լիազօրութիւններէն դուրս քայլերու անօրինականութեան հետ կապուած հարցեր, քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու անարձագանգ մնացող կոչեր` հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, եւ ընդհանրապէս ճգնաժամէն դուրս գալու համար տարբեր կողմերու միջեւ երկխօսութեան բացակայութիւն: Զուգահեռ սակայն, Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի ընդհանուր տնօրէնի հանգստեան կոչում, Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ թմրեցուցիչի դէմ...

Այն Թինէի Մէջ.   «Լիբանան-Կիպրոս Ծովային  Սահմանագծումի  Մանրամասնութիւնները Աւարտեցինք»  Շեշտեց Ալի Համիէ

Այն Թինէի Մէջ. «Լիբանան-Կիպրոս Ծովային Սահմանագծումի Մանրամասնութիւնները Աւարտեցինք» Շեշտեց Ալի Համիէ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու փոխադրութեան եւ նաւահանգստային մարզերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Համիէ յայտնեց, որ Կիպրոսի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւնները աւարտած են` աւելցնելով, որ իբրեւ նախարարութիւն իրենք ամբողջացուցած են աշխատանքը եւ տեղեկագիր մը յղած վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին: Համիէ...

Արցախի Եւ Ազրպէյճանի  Ներկայացուցիչները  Ռուսական Կողմի Միջնորդութեամբ  Հանդիպում Ունեցած Են

Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Ռուսական Կողմի Միջնորդութեամբ Հանդիպում Ունեցած Են

Բերձորի միջանցքով մեքենաներու անխոչընդոտ անցումը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը երէկ քննարկուած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի եռակողմ հանդիպումի ընթացքին: Այս մասին «Արցախփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութենէն: Կողմերը նաեւ քննարկած են ելեկտրամատակարարման եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը: Բացի ատկէ, հանդիպումի ծիրին մէջ քննարկուած...

Քննարկուած Են «Դիմադրութեան» Շարժման  Զարգացումները Արցախի Մէջ

Արցախի Մէջ Ձեւաւորուած Է Միջկուսակցական Համակարգող Մարմին

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք ընդդիմադիր ուժերու` ՀՅԴ Արցախի կառոյցի, «Արդարութիւն» եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն միջեւ քննարկումներու հիման վրայ ստորագրուած է յուշագիր մը, որուն համաձայն ստեղծուած է Միջկուսակցական համակարգող մարմին: Յուշագիրը կ՛արձանագրէ, որ «Միջկուսակցական համակարգող մարմինը խորհրդատուական կառոյց է, ուր պիտի քննարկուին Արցախի քաղաքական դաշտի ընթացիկ ու սպասուող զարգացումները եւ անհրաժեշտութեան պարագային եզրակացութիւններ ու առաջարկներ պիտի...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ստեփանակերտի Համար Բացարձակապէս  Անընդունելի Է Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի  Միջեւ Երկխօսութեան Տեսլականը»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեկնաբանած Է Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է 1 մարտին Արցախի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու միջեւ կայացած հերթական հանդիպումը` նշելով, որ անյետաձգելի հարցերու լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծման համար: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան...

Փարիզ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Արցախի Մէջ  «Յարգելու Միջազգային Օրէնքը»

Փարիզ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Արցախի Մէջ «Յարգելու Միջազգային Օրէնքը»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 28 փետրուարին Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է «յարգելու միջազգային օրէնքը» եւ արտօնելու Բերձորի միջանցքին մէջ «երթեւեկի ազատութեան» վերականգնումը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ֆրանսացի օրէնսդիրներու առջեւ յայտնած է. «Միջանցքի փակումը անընդունելի է` նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար մարդասիրական վտանգաւոր հետեւանքները, եւ որովհետեւ կը նպաստէ լարուածութեան հրահրման ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցագիր Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մօտ երկու գնացքներու միջեւ արձանագրուած արկածին առիթով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Ֆունթուլաքիի: Հայ դատի մարմինը ցաւ յայտնեց արձանագրուած բազմաթիւ անմեղ զոհերուն ու վիրաւորներուն համար, եւ դեսպանէն խնդրեց իր ցաւակցութիւնները փոխանցել Յունաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին:

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Արցախի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացների համատեքստում վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնանկութիւնը, հակառակ ներկայացուած բացատրութիւն-հիմնաւորումների, բազմաթիւ հարցերի ու մտահոգութիւնների տեղիք է տալիս: Հանրային տրամադրութիւնների անտեսմամբ եւ առանց դերակատար քաղաքական ուժերի համախոհութեան նման որոշման կայացումը, անկախ դրդապատճառներից, ինքնին անընդունելի է: Խնդիրն այն է, թէ Արցախի դիմադրողականութեան առումով որքանո՛վ է կայացուած որոշումը ճիշդ: Ի սկզբանէ յայտնի էր, որ պետնախարարի պաշտօնում Ռուբէն...

Միրզոյեան. «ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայումը  Լաչինի Միջանցքին Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Նուազագոյնն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Կրնայ Ընել»

Միրզոյեան. «ՄԱԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայումը Լաչինի Միջանցքին Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Նուազագոյնն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Կրնայ Ընել»

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը շարունակաբար անտեսուած է, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 52-րդ նիստին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: Նախարարը յայտնեց Հայաստանի հաստատակամ համոզումը, որ ՄԱԿ-ի միջգործակալական առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այն նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել այս պայմաններուն մէջ: «ՄԱԿ-ը օժտուած է համընդհանուր լիազօրութեամբ եւ պէտք է անվերապահ եւ...

Լաւրով. «Լաչինի Ճամբուն Վրայ Անցակէտի  Տեղադրում Նախատեսուած Չէ»

Լաւրով. «Լաչինի Ճամբուն Վրայ Անցակէտի Տեղադրում Նախատեսուած Չէ»

«Մեր միջազգային գործընկերներէն շատեր հետաքրքրուած են` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթին», այս մասին 27 փետրուարին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Մենք, ինչպէս Ռուսիոյ նախագահ Փութին բազմիցս ըսած է, կ՛ողջունենք կացութիւնը կայունացնող որեւէ ջանք, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ այստեղ գտնուող բոլոր երկիրներուն համագործակցելու` փոխադարձ յարգանքի ու շահերու հիման...

Տոլարի Փոխարժէքը Կը Շարունակէ Սաւառնիլ,  Իսկ Հանրախանութներուն Մէջ Ապրանքներուն  Սակերը` Ամերիկեան Տոլարով

Տոլարի Փոխարժէքը Կը Շարունակէ Սաւառնիլ, Իսկ Հանրախանութներուն Մէջ Ապրանքներուն Սակերը` Ամերիկեան Տոլարով

Ճիշդ է, որ Դրամատուներու միութեան որոշումին համաձայն, դրամատուները բացին իրենց դռները, սակայն այդ իրականութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը կասեցնելու իմաստով: Ընդհակառակն` սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը կը գտնուի 90.000 լ. ոսկիի սեմին, իսկ սղաճը աւելի եւս կը ծանրաբեռնէ լիբանանցիները, որոնց ստացած աշխատավարձերը օրըստօրէ կը սահմանափակեն իրենց գնելու կարողութիւնը: Կեանքը կը դառնայ ահաւոր, լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը հազիւ թէ...

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը  Կը Քննէ Բերձորի Միջանցքի Ապաշրջափակման  Պահանջով Հայաստանի Հայցը

Ակնարկ. Միջազգային Դատարանի Որոշումին Աշխարհաքաղաքական Բաժինը

Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը` Պաքուին պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին համար: Մանաւանդ որ միաժամանակ մերժուած է Ազրպէյճանի դիմումը նոյն դատարանին, ուր Հայաստանը կը մեղադրուէր Արցախն ու յարակից տարածքները ականապատելու յանցանքով: Այս պահանջը ըստ էութեան կը հիմնաւորէր Ազրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման գործողութիւնները: Անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ...

Page 248 of 796 1 … 247 248 249 … 796

Արխիւներ