Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Կ՛ողջունենք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացը»

May 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք Կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը եւ կը խրախուսենք շարունակական երկխօսութիւնը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն` անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումին:

«Կայուն եւ արդար համաձայնագիրը առանցքային պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն եւ շրջանին համար կարելիութիւններ ստեղծելու համար», գրեց Սալիվըն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 3 մայիսին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը:

Քննարկուած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:

Միրզոյեան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակողական քաղաքականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներու բռնագրաւումը չեն նպաստեր շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն: Ան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ազրպէյճանի գործողութիւնները, բարձրագոյն մակարդակով հնչող ատելութեան խօսքը եւ ուժի կիրարկման բացայայտ սպառնալիքները կը վկայեն Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտումներու ենթարկելու Ազրպէյճանի մտադրութեան եւ իրական սպառնալիքի մասին:

Ընդգծուած է, որ համապարփակ լուծման եւ շրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատման համար առանցքային են զօրքերու յետքաշումը, Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրումը` միջազգայնօրէն երաշխաւորուած երկխօսութեան մեքանիզմի ծիրին մէջ:

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Ղեկավար Կազմի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Մայիս 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.