Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխբանբեր Վետանթ Փաթել մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ 1 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն եւ յայտնած. «Միացեալ Նահանգներ ուրախ են հիւրընկալելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովը` այս շաբաթ բանակցութիւններ կատարելու նպատակով, որովհետեւ անոնք միասին կ՛աշխատին Հարաւային Կովկասի շրջանի խաղաղ ապագային հասնելու համար:
«Արտաքին գործոց նախարարը (Պլինքըն, «Ա.») կը կարծէ, որ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Ատիկա բան մըն է, որուն մէջ ան խորապէս ներգրաւուած է: Ատիկա բան մըն է, որուն մէջ նաեւ խորապէս ներգրաւուած է աւագ համակարգող Պոնոն: Եւ ատիկա բան մըն է, որուն մենք պիտի շարունակենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել:
«Եւ մենք կը կարծենք, որ այս երկու երկիրներուն միջեւ կարելի է խաղաղութիւն, եւ մենք ուրախ ենք զանոնք ողջունելու», ըսաւ Փաթել:
Անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու հաւանական յաջող արդիւնքին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տեսլականին` Փաթել նշեց. «Վերջ ի վերջոյ, այս երկու երկիրներու որոշելիքն է, թէ ատիկա ի՛նչ պիտի նշանակէ: Ի վերջոյ, այն, ինչին մենք կը հաւատանք, այն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի է խաղաղութիւն: Ատիկա այն է, ինչ որ մենք կը փնտռենք` խաղաղութիւն եւ կայունութիւն այս երկիրներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ»:
Երկուշաբթի, 1 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ բանակցութիւնները` Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, «Յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ համաձայնագիր» փաստաթուղթին շուրջ: Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտները մանրամասնութիւններ հաղորդած են բանակցութիւններէն: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետերը այս շաբթուան ընթացքին պիտի ունենան յաջորդական շարք մը հանդիպումներ, լրագրողներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ յայտնած է, որ կողմերուն միջեւ քննարկումները կառուցողական ընթացած են:
Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին համաձայն, համապարփակ համաձայնագիրի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ կողմերուն միջեւ քննարկուող հարցերէն մէկն է երկու երկիրներու մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ վերաբերմունքը, որ կ՛անդրադառնայ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան:
Լաչինի միջանցքի մասին խօսելու ընթացքին ամերիկեան կողմը վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին շատ յստակ մատնանշած է Բերձորի միջանցքով առեւտրական ու մարդասիրական ազատ տեղաշարժի ապահովման կարեւորութիւնը եւ կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ այդ քննարկումներուն մէջ` ակնկալելով, որ միջանցքին ճամբով տեղաշարժը շուտով կը վերականգնուի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ Էրիքա Օլսըն նաեւ յոյս յայտնած է, որ կողմերը այս շաբթուան ընթացքին «անմիջական եւ անկեղծ» քննարկումներ ունենան` խնդիրի կարգաւորման հասնելու համար: «Յանձնառու ենք աջակցելու այդ հոլովոյթին եւ պատիւ ունինք այստեղ հիւրընկալելու այս կարեւոր երկխօսութիւնը, որ կրնայ շարունակուիլ», ընդգծած է Օլսըն` կարեւոր նկատելով բանակցութիւններու շարունակական բնոյթը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկը երկուշաբթի օր «Ազատութիւն» ռատիոկայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ Ուաշինկթընի մէջ Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւնները քանի մը օր պիտի տեւեն:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ 1 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած է Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով հանդիպումը: Քննարկուած են շրջանի մէջ ստեղծուած անվտանգային կացութեան, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական կացութեան:
Այդ հանդիպումին նախորդած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի առանձին բանակցութիւնները նախարարներուն հետ:
Պլինքըն Միրզոյեանի հետ քննարկած էր շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:
Արտաքին գործոց նախարարներու ուաշինկթընեան հանդիպումէն առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ:
Պլինքըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու կարեւորութիւնը եւ խոստացած Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն համոզում յայտնած է, որ կարելի է խաղաղութեան հասնիլ: Ան նաեւ Միացեալ Նահանգներու խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղակայման նկատմամբ` նշելով, որ անիկա կը խաթարէ խաղաղ հոլովոյթին մէջ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերը: Ան ընդգծած է Լաչինի միջանցքը կարելի եղածին չափ շուտ բանալու կարեւորութիւնը», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն հրապարակեց` յայտնելով, որ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Պլինքըն-Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցն ու Բերձորի միջանցքին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հսկիչ անցագրային կէտի տեղակայումը:
Միրզոյեանի եւ Պայրամովի նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր 7 նոյեմբերին, դարձեալ Ուաշինկթընի մէջ:
Քրեմլինի Անդրադարձը
Քրեմլինի կարծիքով, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւնները այլընտրանք չունին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Երկու երկիրներուն (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծումը եւ շրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման ուղղուած որոշ միացեալ քայլերու հաւանական զարգացումը, նախ եւ առաջ, ի հարկէ, կարելի է այն եռակողմ փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնք ստորագրուած են Ռուսիոյ հետ», ըսած է Փեսքով` մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումները:
Փեսքովի համաձայն, «առայժմ չկան այլ իրաւական հիմքեր, որոնք կը նպաստեն լուծման, համապատասխանաբար, մինչեւ այսօր այդ եռակողմ փաստաթուղթերը բացարձակապէս այլընտրանք չունին»:
Ան միեւնոյն ընդգծած է. «Որեւէ օգնութիւն, որ կրնայ օգնել այս հիմքի վրայ կարգաւորման, կարելի է ողջունել: Սակայն մենք նաեւ գիտենք, որ կան կարգաւորման հիմքերը քայքայող տարբեր փորձեր, որոնք ապագային կրնան արդիւնք չտալ: Յուսանք, որ այս պարագային խօսքը առաջինի մասին է», ըսած է Փեսքով: