Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ո՛չ Արցախի Ցեղային Զտման» Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը

Մայիս 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 9 մայիսին, «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժումին նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ բազմամարդ  հանրահաւաք:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` անիկա սկսած է Տէրունական աղօթքով եւ լռութեան վայրկեանով` ի յիշատակ Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ արցախեան պատերազմներուն ընթացքին նահատակուածներուն:

Հանրահաւաքին ընթացքին «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամները վերահաստատած են իրենց պահանջները  ուղղուած Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն ու  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին:

«Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները  անոնց ուշադրութեան կը հրաւիրեն Ազրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած յայտարարութեան դրոյթներու կոպտագոյն խախտումներուն վրայ: Ազրպէյճանը իր գործողութիւններով կ՛իրականացնէ ցեղային զտման քաղաքականութիւն, ժողովուրդը իր հայրենիքէն զրկելու ցեղասպանական գործողութիւններ` շրջափակման մէջ պահելով 120.000 բնակչութիւնը: Մենք կը պահանջենք կիրարկել բոլոր միջազգային մեքանիզմները` ապահովելու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու կատարումը», մասնաւորապէս նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ազատամարտիկ Կարմեն Աւետիսեան, շնորհաւորելով  Եռատօնին առիթով,  նշած է, որ արցախեան առաջին պատերազմին իրենց  սերունդը կատարած է այն, ինչ որ շատերուն  անկարելի կը թուէր:

«Յաղթած ենք, որովհետեւ միասնական եղած ենք: Այսօր ալ միասնութեան ու բռունցքուելու կարիք կայ», ընդգծած է ազատամարտիկը:

Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ հակառակ ամիսներէ ի վեր շարունակուող շրջափակման, արցախցին չ՛ընկճուիր եւ լի է պայքարը շարունակելու վճռականութեամբ:

«23 ապրիլին Ազրպէյճանը խախտեց կարմիր գիծերը` դնելով ստուգման անցակէտ: Այդ կարմիր գիծերու խախտումը, իբրեւ արժանապատիւ մարդ, կը ստիպէ պայքարիլ, որովհետեւ ուրիշ տարբերակ չկայ: Ոչ ոք պիտի սահմանափակէ մեր ազատ մուտքն ու ելքը դէպի Հայաստան: Մենք 149 օր շրջափակման մէջ ենք, չունինք կազ, լոյս, գիտէք Սարսանգի ջրամբարի վիճակը, բայց չենք ընկճուիր: Այո՛, ծանր է վիճակը, բայց գիտենք մէկ բան` ոչ մէկ «վերահամարկում»-ի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Մենք կը պաշտպանենք մեր տունը, քաղաքներն ու գիւղերը,  գերեզմանները, մեր հողին վրայ ապրելու իրաւունքը: Մենք չենք ուզեր մէկու մը վրայ յարձակիլ, կ՛ուզենք հանգիստ, երջանիկ ապրիլ մեր հայրենիքին մէջ: Պատրաստ ենք բանակցութիւններու, բայց անոնք  չեն կրնար ըլլալ ատրճանակը գլուխին դրած, այլ երկկողմանի յարգանքի պարագային միայն», ըսած է Ռ. Վարդանեան:

Հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Արլինկթընի Քննարկումներուն Մէջ Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին Մէջ Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրուած Է»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 10 Մայիս 2023)

RelatedPosts

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը  Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Նոյեմբեր 14, 2025
Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ  Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին`  Ազրպէյճանի Անդամակցութեան
Հայկական

Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին` Ազրպէյճանի Անդամակցութեան

Նոյեմբեր 14, 2025
Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Հայկական

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Հայաստանում Նախատեսուած «Աղօթքի Նախաճաշի» Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?