Թուրքիոյ ընդդիմութեան նախագահի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ներկայացուցած Թուրքիա-Չինաստան ճամբու քարտէսը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ազրպէյճանի մէջ եւ Թուրքիոյ ազգայնականներուն մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ.ամ» կայքը:
Քըլըչտարօղլու ներկայացուցած է նախընտրական ծրագիրներէն մէկը, որ կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ եւ Չինաստանի միջեւ արագ հաղորդակցութիւն, որուն ճամբան պիտի անցնի Իրանէն եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքալեզու հանրապետութիւններու մօտէն:
Այս քարտէսը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ազրպէյճանի մէջ, որովհետեւ քարտէսին մէջ ներկայացուած ճամբան կը շրջանցէ Ազրպէյճանը, իսկ թուրք ազգայնականներու ու Ազրպէյճանի երազանք «Զանգեզուրի միջանցք»-ը քարտէսէն կը բացակայի:
Պաքուի մէջ յայտարարած են, թէ Քըլըչտարօղլու կ՛անտեսէ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանի օգտին քարտէս կազմած է:


