Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով

Մայիս 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 մայիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի յարակից հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Տէր ենք մեր հայրենիքին» խորագիրով հայկական պետականութեան վերականգնման 105-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:

Ձեռնարկի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսք առնելով` յայտարարեց, որ իրենք պիտի պայքարին` թոյլ չտալու համար, որ օրուան իշխանութիւնը երկիրը յանձնէ թշնամիին:

«Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած խմբակը չ՛արտայայտեր հայ ժողովուրդի կամքը: Յանձնուելու օրակարգը մեր ժողովուրդի օրակարգը չէ, հետեւաբար հայ ժողովուրդը պիտի պայքարի իր հայրենիքին համար, եւ որեւէ փաստաթուղթ, որ պիտի ընդունուի այս իշխանութիւններուն կողմէ, որով Արցախը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, առ ոչինչ է, օրինականութիւն չունի, եւ մեր ժողովուրդը ատիկա պիտի չընդունի», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Սաղաթէլեան նաեւ նշեց, որ ներկայիս ջրբաժանը յստակ է. ջրբաժանի մէկ կողմը մարդիկ են, որոնք պատրաստ են պայքարելու հայրենիքի համար, որոնց համար մեր հայրենիքի հողի իւրաքանչիւր թիզը սուրբ է, եւ անոնք պատրաստ են անձնազոհութեամբ պահելու եւ պաշտպանելու զայն, իսկ ջրբաժանի միւս կողմը իրենց երկրին մէջ տնուորի կարգավիճակով ապրող այս իշխանութիւններն են, որոնք` իրենց հայրենիքին համար «քատասթրի վկայական» կ՛աղերսեն թշնամիէն, որոնք` իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը կ՛աղերսեն թշնամիէն:

«Ջրբաժանը յստակ է. կա՛մ օրուան իշխանութեան վարած օրակարգի, այսինքն յանձնուելու եւ ստրկութեան ճամբան է, կա՛մ պայքարի: Ես յստակ կ՛ըսեմ` շատ ժամանակ չունինք, դանակը վաղուց հասած է ոսկորին: Օրուան իշխանութիւնը շատ յստակ հրապարակած է երկիրը յանձնելու ճամբու քարտէսը եւ ժամանակացոյցը: 2023 թուականը հայ ժողովուրդի եւ հայ մարդու համար ճակատագրական տարի է», ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան մանկավարժ Աստղիկ Աբրահամեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Տարօն Տօնոյեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

«Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք հայոց հրաշափառ յարութիւնն էր: Մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն է մայիսի 28-ը, որով ապահովուեցան մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ աշխարհի քարտէսին վերադարձած իր անկախ հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւնը», իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կրցաւ զարթնեցնել իր մէջ այն ուժականութիւնը, որ խիզախ եւ ներշնչող հայրենակերտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ հայութիւնը վերածեց երկաթեայ բռունցքի», ընդգծեց ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան աւելցուց. «Մենք արցախեան ճակատի վերջին պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ կը նկատենք եւ անպայման պիտի յաղթենք շարունակուող պատերազմին: Մենք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան պարտուողական եւ յանձնուողական քաղաքականութեան կտրուկ դէմ ենք եւ անպայմանօրէն պիտի վերականգնենք հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը եւ մայիսեան գոյամարտերու օրինակով սխրանքներ գործելու կամքը: Մենք կ’ապրինք այնպիսի տարածաշրջանի մէջ, ուր թոյլը չի կրնար գոյատեւել. մենք կարող ենք եւ պէտք է կերտենք ուժեղ պետութիւն` հզօր բանակով, որպէսզի զարգանանք առանց զիջելու. եւ պարտաւոր ենք կանխել որեւէ կենսական զիջումներ ենթադրող պայմանագիր` բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում: Եւ մենք կը խոստանանք դաշնակցականի վայել վճռականութեամբ շարունակել պայքարը» (Խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք առանձին):

Հանրահաւաքի աւարտին մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի «Նեմեսիս» յուշարձան, ուր օրուան խորհուրդի եւ «Նեմեսիս» գործողութեան արժեւորման խօսք արտասանեց հայ մամուլի գործիչ Վաչէ Բրուտեան:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Մայիս 2023)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?