Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հանրապետական Մաղթանք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան Նուիրուած
Կիրակի, 28 մայիս 2023-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ, հանրապետական մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին: Ապա Հայաստանի անկախութեան եւ վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր կաթողիկոսը ներկայ ժողովուրդին յղեց իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը:
Վեհափառին Պատգամը
Անկախութեան տօնին առիթով վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառ հայրապետը ս. եւ անմահ պատարագին յաջորդած տօնախմբութեան ընթացքին ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը:
«Մենք Արցախի Կողքին Ենք». Արամ Ա.
Մայիս 28-ը սովորական տօն մը չէ. ան հոմանիշ է Հայաստանի անկախութեան եւ այդ անկախութիւնը պահպանելու, հզօրացնելու եւ ամրապնդելու մեր ազգին հաւաքական վճռակամութեան ու յանձնառութեան:
Ազատօրէն ապրելու ու մտածելու եւ ինքզինք կառավարելու, այլ խօսքով` ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը աստուածատուր իրաւունք է եւ մարդկային իրաւանց ամէնէն էական սկզբունքներէն մէկը:
Մայիս 28-ի նշումը այսօր յիշեցում մըն է ու միաժամանակ կոչ իւրաքանչիւր հայուն` ամրօրէն կառչած մնալու Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան ու անվտանգութեան ամուր պահպանման: Յատկապէս Արցախը այսօր կը գտնուի ահաւոր վտանգներու սեմին: Վտանգուած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, վտանգուած է Արցախի մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը:
Կ՛ուզեմ բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ շրջանէն ներս ստեղծուած աշխարհաքաղաքական ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ մենք իրաւունք չունինք Արցախը լքելու` պարզապէս ըսելով,
– Թէ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը,
– Թէ Արցախը եւ Պաքուն թող իրարու հետ բանակցին,
– Թէ Հայաստան պետական շահեր միայն կը հետապնդէ,
– Թէ շրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատումը զիջումներ կ՛ենթադրէ,
– Թէ Հայաստանի տնտեսական շահերը կը պահանջեն, որ ան խաղաղ գոյակցութիւն հաստատէ իր անմիջական դրացիներուն հետ, մասնաւորաբար` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի:
Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ ազգային շահերուն եւ պետական շահերուն միջեւ բաժանման գիծեր հաստատելը խոտոր կը համեմատի մեր պատմութեան, մեր ազգին ինքնահասկացողութեան, մեր գերագոյն եւ ընդհանրական իտէալներու իրագործման: Ազգի ու պետութեան շահերը հարկ է դիտել մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս` որպէս զիրար հզօրացնող ու պայմանաւորող տարածքները մեր հաւաքական պայքարին:
Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ հետզհետէ մեր ազգի կեանքէն ներս` Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ, նոր ճեղքեր կը յառաջանան. փոխանակ համախմբուելու` իրարմէ կը հեռանանք, փոխանակ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման փոխադարձ հասկացողութեան եզրեր որոնելու` զիրար կ՛ամբաստանենք:
Անկախութեան համար պայքարը նուիրական է: Անկախութեան ի խնդիր պայքարող Արցախի մեր ժողովուրդին հետ ենք: Սա պահուն Անթիլիասի մայրավանքէն կոչ կ՛ուղղենք աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն` Արցախի կողքին ըլլալու: Եւ Արցախի ժողովուրդին կ՛ըսենք` վերանորոգ հաւատքով ու ամուր կամքով շարունակեցէ՛ք ձեր պայքարը յանուն անկախութեան ու արդարութեան:
Ա՛յս է պատգամը մայիս 28-ին:
Հանրապետական Մաղթանք
Ս. պատարագի ընթացքին, կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, խումբ մը միաբան հայրեր ս. խորան բարձրացան, ուր հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութեան կարգ: Խորանին վրայ կանգնած միաբան հայրերն ու Արամ Ա. աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ու հայցեցին Անոր օրհնութիւնն ու փրկութիւնը. խնդրեցին, որ Տէրը ամուր ու անսասան պահէ հայ ազգին հանրապետութիւնը եւ իմաստութիւն տայ իշխանութեան պատասխանատուութիւն ունեցողներուն: Հուսկ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն:
Յաւուր Պատշաճի Քարոզ
Յաջորդիւ, օրուան պատարագիչ հայր սուրբը` Առաքել աբղ. Գատէհճեան, մեկնելով Հոգեգալստեան տօնէն, յաւուր պատշաճի քարոզեց` մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանէն 14:16 համարը, ուր կը նշուի Քրիստոսի խոստումը Ս. Հոգին աշխարհ ղրկելու մասին` որպէս յաւիտենական մխիթարիչ մահկանացուներուս: Ան ըսաւ, որ Քրիստոսի համբարձումէն ետք վախ կը տիրէր առաքեալներուն ու աշակերտներուն մէջ, որոնք չէին համարձակեր դուրս գալ վերնատունէն ու Յիսուսի խօսքը քարոզել, մինչեւ որ եկաւ հոգեգալստեան օրը, ու անոնք զօրացան ճշմարիտ մխիթարիչով: Այս զօրութեամբ է, որ առաքեալները կարողացան սահմաններ կտրել, դէմ դնել ամէնէն բռնատէր թագաւորներուն ու տարածել ճշմարտութիւնը` հասնելով մինչեւ նահատակութիւն: Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ առաքեալները Ս. Հոգիին զօրութիւնը ձեռնադրութեան ճամբով փոխանցեցին համայն աշխարհին. եւ այսօր Ս. Հոգին է, որ կ՛առաջնորդէ մեր եկեղեցին: Ան նաեւ նշեց, որ մեր նախահայրերը պատմութեան բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեցին` շնորհիւ Ս. Հոգիին զօրութեան ու կերտեցին մայիս 28-ի անկախութիւնը, Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, ունենալով Ս. Հոգիին խորհրդանիշ սրբալոյս միւռոնը իրենց ճակատներուն: Հայր սուրբը վստահեցուց, որ քաջարի հայորդիք ներկայիս բոլոր պատերազմները եւս, մանաւանդ Արցախի մէջ, կը մղեն մխիթարիչին զօրութեամբ: Քարոզի աւարտին ան բոլորին անունով խոնարհեցաւ անոնց նահատակութեան առջեւ եւ աղօթք բարձրացուց, որ Ս. Հոգին մխիթարէ մեր ազգի սգաւորները, զօրացնէ մեր սրտերը, բանայ մեր ազգի ղեկավարներուն ու իշխանաւորներուն աչքերը եւ լուսաւորէ մեր սուրբ հայրենիքին երկնակամարը:
Տօնախմբութիւն Վեհարանի Դահլիճին Մէջ
Յաւարտ ս. պատարագին, հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ մայիս 28-ի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին անուանակոչութեան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր` դպրեվանքի սաներուն կատարողութեամբ: Այնտեղ վեհափառը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան կարդաց ուղերձ մը, որով ընդգծեց ազատութեան եւ անկախութեան մենաշնորհումը Աստուծմէ տրուած անժխտելի իրականութիւն մը ըլլալը: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւրիս ազատութիւնը կը դադրի հոն, ուր այլոց ազատութիւնը կը սկսի, ու դիտել տուաւ, որ հայրենիքին անկախութիւնը վեր է բոլոր անձնական շահերէ: Որքան որ «փարաւոններու» սրտերը կարծրանան, պիտի գան «մովսէսներ», որոնք իրենց ժողովուրդին համար ծովեր պիտի ճեղքեն, յայտնեց ան` շարունակելով Պօղոս առաքեալին`. կորնթացիներուն ուղղուած Բ. նամակին 3:17 համարէն` «Ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է, հոն ազատութիւն է»: Հայր Աւետիք ապա խօսեցաւ Արամ Մանուկեան հերոսին արժանիքներուն մասին եւ արձագանգելով զօրավար Սիլիկեանին` Ա. Մանուկեանի մասին տուած պատգամին, նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտն է հայ ազգին անկախութեան ու ազատութեան կռուաններուն` Հայաստանի-Արցախի-սփիւռքին միութիւնը ամուր պահելը:
Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ հայրապետական մաղթերգներով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: