Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի Բ.- ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում»: Այս շրջագիծին մէջ վեհափառ հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու` նպատակ ունենալով սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր սփիւռք` հզօր Հայաստան եւ հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն:
Արդարեւ, երեքշաբթի, 31 մայիս 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քանատա` ընկերակցութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի:
Քանատայի հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 1-15 յունիս, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Երեսփոխանական ժողովին, Ազգային իշխանութեան, հոգեւորականաց դասուն, թեմական եւ համայնքային պատասխանատու մարմիններու, միջեկեղեցական պատասխանատուներու եւ դիւանագիտական ու պետական անձնաւորութիւններու հետ:
Վերոյիշեալ հանդիպումներու ընթացքին պիտի արծարծուին գաղութի աշխատանքներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վերակազմակերպման փուլերուն հետ առնչուած հարցեր եւ պիտի մշակուին համապատասխան աշխատանքային ծրագիրներ: