«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Ազդակ»-ի 57-րդ Լսարան «Ազդակ»-ի 57-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 23 մարտ 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար եւ Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, նիւթ` Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները: Դասախօսը ներկայացուց կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը` հաստատելով, որ անիկա սերտօրէն առնչուած...




















