Հայաստանի երրորդ եւ Արցախի նախկին նախագահները անընդունելի կը նկատեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները, թէ Երեւանը պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:
«Մշտապէս, ներառեալ անցեալ հինգ տարիները, բոլոր առիթներով ես յայտարարած եմ` Արցախը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», շեշտած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Ես եւ իմ գլխաւորած քաղաքական ուժը` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, մեր բոլոր յայտարարութիւններուն, ելոյթներուն եւ ուղերձներուն մէջ անընդհատ շեշտած եւ յայտարարած ենք մեր սկզբունքային մօտեցումները Արցախի հարցին մէջ, կէտ առ կէտ շարադրած մեր դիրքորոշումները մեզի համար կենսական այդ հարցի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարիչներու կործանարար քայլերուն մասին: Անոնք որեւէ փոփոխութեան ենթակայ չեն:
Եթէ ոմանք հիմա յանկարծ «անսպասելիութենէ անակնկալի եկած են» եւ ինձմէ նոր յայտարարութիւն կը պահանջեն, առնուազն տարակուսելի է», նշած է Սերժ Սարգսեան:
Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը համատեղ յայտարարութեամբ ընդգծած են. «Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն պահուածքն ու դիրքորոշումը` Արցախի ժողովուրդի համար ճակատագրական հարցերու մէջ Ազրպէյճանի ցանկութիւններուն անվերապահ ենթարկուելու տրամաբանութեամբ, անընդունելի են»:
«Ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի որոշելու մեր ու մեր զաւակներուն ապագան: Արցախը չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի այն մօտեցումները, որոնք այսօր ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ եւ, ինչպէս նախապէս պայքարած է, այնպէս ալ հիմա, բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարի իր հայրենիքին մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի համար», նշուած է անոնց յայտարարութեան մէջ: