Ակնարկ. Վերականգնելու Համար Մայիս 6-ի Ինկած Պատուանդանը
Լիբանան քաղաքական դժուարագոյն պայմաններու մէջ կ՛ոգեկոչէ Նահատակաց օրը: Համեմատաբար աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ ալ արդէն օրը կորսնցուցած էր իր բուն իմաստը եւ վերածուած Մամլոյ նահատակներու օրուան: Ազգային օրացոյցի ամբողջական ձեւախեղում տեղի կ՛ունենար, խորհուրդի վերափոխում` զուտ քաղաքական նպատակներով: Մայիս 6-ը լրագրողներու, մտաւորականներու կամ հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդող հասարակական գործիչներու կախաղան բարձրացման օրուան նշումն էր, այդուհանդերձ անիկա կը խորհրդանշէր Օսմանեան կայսրութեան...




















