Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս: Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, ուրբաթ, 28 ապրիլի կէսօրին համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարի (Աթէնք, մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու: Ապա համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը: Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան...

Կոչ

Յայտարարութիւն

2022 թուականի դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Շուշիի մատոյցներուն մօտ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, դէպի Արցախ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներու արգելափակումը, արցախահայութեան նկատմամբ անցնող ամիսներուն ահաբեկչական բնոյթի քայլերը ցարդ համարժէք հակազդեցութեան չարժանացան Հայաստանի իշխանութեան եւ միջազգային դերակատար ուժերու կողմէ: Այժմ ալ Ազրպէյճանը դիմած է նոր սանձարձակութեան` սահմանային հսկիչ անցակէտ տեղադրելով Կոռնիձորի կամուրջի հատուածին մէջ: Ակնյայտ է, որ Բերձորի միջանցքին մէջ...

Բերձորի Միջանցքին Մէջ Ազրպէյճանցի «Բնապահպան»-ները Ժամանակաւորապէս Դադրեցուցին Իրենց Շարժումը

Բերձորի Միջանցքին Մէջ Ազրպէյճանցի «Բնապահպան»-ները Ժամանակաւորապէս Դադրեցուցին Իրենց Շարժումը

Ազրպէյճանցի այսպէս կոչուած «բնապահպան»-ները, որոնք 12 դեկտեմբերէն փակած էին Բերձորի միջանցքը` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, երէկ յայտարարած են, որ կը դադրեցնեն իրենց շարժումը: Երէկ անոնք հրաւիրուած են Ազրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման: Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտին Քարիմով «բնապահպան»-ներուն ըսած է, որ 23 ապրիլէն ետք, երբ պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները անցակէտ տեղադրած են Բերձորի միջանցքին մէջ,...

Պաքուի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին.  «Մենք Կը Դատապարտենք Ազրպէյճանական Կողմի Անցակէտի Միակողմանի Տեղադրումը, Միջազգային Դատարանի Որոշումը Պէտք Է Կատարուի»  Կ՛ըսէ Քոլոնա

Պաքուի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. «Մենք Կը Դատապարտենք Ազրպէյճանական Կողմի Անցակէտի Միակողմանի Տեղադրումը, Միջազգային Դատարանի Որոշումը Պէտք Է Կատարուի» Կ՛ըսէ Քոլոնա

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 27 ապրիլին Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է, որ Հայաստանը կարելիութիւն չի տար Նախիջեւանի հետ միջանցք ստեղծելու, իր զօրքերը դուրս չի բերեր Ազրպէյճանի տարածքէն, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ, եւ չարաշահելով Լաչինի միջանցքը Ղարաբաղ...

Երեւան Կ՛առաջարկէ Ընդլայնել Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Կարողութիւնները

Երեւան Կ՛առաջարկէ Ընդլայնել Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Կարողութիւնները

Երեւան կ՛առաջարկէ ընդլայնել Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կարողութիւնները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ջերմուկի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: Անոր համաձայն, դէտերու թիւը բաւարար չէ Հայաստանի` Ազրպէյճանի հետ միջազգային սահմաններուն վրայ հսկողութիւն կատարելու համար: «Մեր բոլոր գործընկերներուն կ՛առաջարկենք, որ աւելցնեն թէ՛ մարդոց թիւը, թէ՛ ալ այլ կարողութիւններ, որպէսզի դէտերը...

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

Գորիս Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՛արձանագրէ: Բերձորի  միջանցքին վրայ` Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ Հակարի գետի կամուրջին կից Ազրպէյճանը իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է, Պաքուն յայտարարած է, որ անցագրային վերահսկողութիւնը կ՛իրականացուի ռուս խաղաղապահներու հետ համագործակցութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը հաստատէր, որ Մոսկուան ջանքեր կը գործադրէ Բերձորի միջանցքին շուրջ իրավիճակի կարգաւորման եւ...

Ըստ Զախարովայի.  Լաչինի Միջանցքի Իրավիճակի Կարգաւորման Ջանքեր Կը Գործադրուին

Ըստ Զախարովայի. Լաչինի Միջանցքի Իրավիճակի Կարգաւորման Ջանքեր Կը Գործադրուին

Ռուս խաղաղապահներու զօրակազմին գծով, ինչպէս նաեւ քաղաքական մակարդակով անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրուին Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը կարգաւորելու եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութիւններու հուն վերադառնալու համար, երէկ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ան նաեւ հաւաստիացուցած է, որ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում Ռուսիոյ տարածքին մէջ կայացնելու համաձայնութիւն արդէն կայ, ժամկէտի մասին պիտի...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ` Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպում Կայացնելու Պայմանաւորուածութիւն Կայ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան այն մասին, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յստակ ժամկէտներ չնշեցին հանդիպման գծով: «Ինչպէս աւելի կանուխ յայտնած էինք, կան հանդիպումներու առաջարկներ, հիմա նաեւ` պայմանաւորուածութիւններ: Յստակ ամսաթիւի մասին կը յայտնենք լրացուցիչ», «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Հայաստանի...

«Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարին Հարցով Լիբանանի Մէջ Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Պիտի Զօրակցինք»  Շեշտեց Ապտելլահեան

«Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարին Հարցով Լիբանանի Մէջ Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Պիտի Զօրակցինք» Շեշտեց Ապտելլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան, որ աշխատանքային պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ միջինարեւելեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Թեհրան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ապտելլահեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Եւ ՀՅԴ-ի Անդամները  Ծաղիկներ Դրած Են «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանին

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Եւ ՀՅԴ-ի Անդամները Ծաղիկներ Դրած Են «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանին

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներն ու քաղաքացիներ այցելած են «Նեմեսիս» գործողութիւնը իրականացուցած հայորդիներուն նուիրուած յուշարձան եւ ծաղիկ դրած: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ «Նեմեսիս»-ի կազմակերպիչներն ու մարտիկները փրկեցին մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնն ու վերականգնեցին պայքարելու յոյսը: «Այս տղաները ոչ միայն փրկեցին հայութեան պատիւը,...

«Համազգային Համախմբում. Այլընտրանք Չկայ»

«Համազգային Համախմբում. Այլընտրանք Չկայ»

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը` Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով. Ճակատագրական է ներկայ հանգրուանը մեր ազգի պատմութեան: Մութ ամպերով է ծածկուած երկնակամարը հայ կեանքին: Անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը: Կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը: Գիտե՛նք` իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել: Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս ազգ, կոչուած ենք...

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շրջանի ԼՕԽ-ի միաւորներուն, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ`...

Լոզանի 100-Ամեակին Ընդառաջ` Մասնագիտական Խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ 22-24 ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր` յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին ընդառաջ» թեմային: Տարեսկիզբին Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ կայացած հերթական  նիստերու ընթացքին ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու` հիմնական երկու ուղղութիւն նկատի ունենալով. առաջին`  գտնել իրաւական այն ուղիները,...

Բազմահազար Հայորդիներ Այցելեցին  Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Բազմահազար Հայորդիներ Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Երկուշաբթի, 24 ապրիլին բազմահազար մարդիկ Երեւանի մէջ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին 20-րդ դարի սկիզբը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին: Բազմահազար հայորդիներու կարգին այդ օր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին նաեւ հայ ժողովուրդի օտարերկրացի բարեկամներ, օտարերկրացի քաղաքական գործիչներ եւ դեսպաններ: Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին յարգանք մատուցեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գործիչները: Աւանդական Ջահերով Երթ` Դէպի...

Շիֆ Արցախի Հանրապետութեան  Անկախութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Ներկայացուց

Շիֆ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Ներկայացուց

Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող եւ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ մը: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրուած է միջազգային օրէնքի շարք մը յօդուածներու մէջ, որոնց անդամ են Միացեալ Նահանգները, ներառեալ ՄԱԿ-ի քաղաքային եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը: Բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք: Այդ իրաւունքի ուժով անոնք...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից.  Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից. Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղիին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ժողովրդային հաւաքով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումը` հոծ թիւով հայորդիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին  Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «108 տարի` Հայոց ցեղասպանութեան: 108 տարի` Հայ դատի պայքարին: 108 տարի` շարունակուող թրքական ոճիրներուն: Միջազգային ընտանիքին լռութեան առընթեր... Սակայն իւրաքանչիւր իրաւունք, որուն համար կան արժանապատիւ պայքարողներ, ի վերջոյ յաղթանակ կ՛արձանագրէ եւ չի կորնչիր»: Երեսփոխան Բագրատունի իր գրառումը կցեց...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի  Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

24 ապրիլին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, դոկտ. Քրիստին Արզումանեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Հրայր Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Պքերքէ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ: Արտասանուեցաւ հայերէն ու արաբերէն աղօթք` մասնակցութեամբ մարոնիներու պատրիարքի քարտուղար հայր Հատի Տաուի: Պատուիրակութիւնը ապա...

Խմբագրական.  Համայն Հայութեան Իղձեր, Պատմական Արդարութեան Վերականգնում Եւ Ազգերու Ինքնորոշման Կենսագործում

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձեր, Պատմական Արդարութեան Վերականգնում Եւ Ազգերու Ինքնորոշման Կենսագործում

Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչուի ազգային-քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին առընթեր նախապատրաստուող հատուցման իրաւական թղթածրարի կազմութեան աշխատանքները առկախուած են: 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը պետութեան արտաքին-ներքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղուած է: Պաշտօնական Երեւանի բարձրագոյն բեմերէն կը յայտարարուի, որ որեւէ երկրէ տարածքային պահանջ չունինք, աւելցնելով, որ պէտք է ճանչցնել տանք Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. քմ տարածքը: Երբ իրերայաջորդ...

Հայաստան Խարիսխ` Հայ Դատի Պահանջատիրութեան

Հայաստան Խարիսխ` Հայ Դատի Պահանջատիրութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը` 1965-ին, կարեւոր դարձակէտ մը եղաւ հայութեան վիճակուած մեծ աղէտին քաղաքականացման տեսակէտէն: Այդ օրերուն տակաւին Մեծ եղեռն կը կոչէինք ջարդն ու տարագրութիւնը, իսկ անոր ոգեկոչումները, ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին, արտակարգ ողբերգութեան մը վկայութիւն կը դառնային: Շատեր իրենց մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն կենդանի վկաները դարձած էին եղելութեան, ազգականներ ու բարեկամներ կորսնցուցած էին, տեղէ այլ տեղ փոխադրուած էին:...

Page 239 of 796 1 … 238 239 240 … 796

Արխիւներ