ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ տնտեսական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գումարելիք նիստերուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական կարգ մը խնդիրներ:
Յ. Բագրատունի եւ Պըրրի շեշտեցին ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այս շեշտադրումին լոյսին տակ, խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան վերադարձին մեծ հաւանականութիւն կայ ազգային երկխօսութեան նիստ մը գումարելու:


