4 յուլիսին, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ խօսք արտասանած է Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդատու Ալիս Ուայրիմու Նտերիթուն: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ան անդրադարձած է Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` կոչ ուղղելով երկխօսութեան ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ` խուսափելու լարուածութեան սրումէն:
Ան յիշեցուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, որ պարտադիր է կատարման համար եւ կոչ ուղղած է` ապահովելու Բերձորի միջանցքով ազատ ու ապահով տեղաշարժը:


