«Ռուսիան չափազանց անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի դրութեան յաճախակի խախտումներով եւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքի շարունակուող շրջափակումով», այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Ըստ առկայ տեղեկատուութեան, շրջանին մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը վատթարանայ: Ցաւով ստիպուած ենք արձանագրելու, որ մատակարարման դադրեցման պատճառով Ղարաբաղի բնակչութիւնը կրնայ մնալ առանց սննդամթերքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ դեղորայքի պաշարներու», ըսած է Զախարովա` շեշտելով, որ ասիկա կը հակասէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնագիրներուն:
Զախարովա նաեւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է ապաշրջափակելու Բերձորի միջանցքը:
«Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հարցերը լուծելու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով, ազրպէյճանական կողմին կոչ կ՛ուղղենք ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու անոր միջոցով քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը` քաղաքացիական նպատակներով», նշած է Զախարովա:
Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու գործողութիւնները Ղարաբաղի մէջ պայմանաւորուած պիտի ըլլան տեղւոյն վրայ իրավիճակի զարգացումով եւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններով:
Դիւանագէտին պնդումով` Մոսկուան կապի մէջ է կողմերուն հետ` շրջանին մէջ լարուածութիւնը թուլացնելու համար:
«Այդ շփումները կը շարունակուին քաղաքական մակարդակով, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գծով: Եւ, ի հարկէ, շատ բան կախուած է նոյնինքն կողմերէն, անոնց քաղաքական կամքէն եւ պատրաստակամութենէն` ընդառաջ երթալու մէկզմէկու: Մենք մեր կողմէ բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը կը գործադրենք», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Զախարովա նաեւ նշած է, որ մօտ ապագային շրջան կրնայ այցելել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ:
Զախարովա նաեւ նշած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութիւնները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ իր դերակատարութեան մասին որեւէ արդիւնքով չեն հաստատուիր:
Մաքրոնը, յիշեցնենք, ըսած էր, թէ Արցախի հարցով ճնշում կը գործադրէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ եւ որ Արցախի հարցին մէջ ինք միակն է, որ յստակ դիրքորոշում եւ ուղերձ ունի:
«Նման յայտարարութիւններէ ետք տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ նախագահ Մաքրոնի համեստութեան կը զիջի միայն անոր առնականութիւնը: Ի հարկէ, մենք երբեք չենք դադրիր զարմանալ Ֆրանսայի նախագահի այս յատկանիշերէն, այն պաթոսէն, որով ան կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացին մէջ իր անձնական դերակատարութեան, աւանդի մասին: Ափսոս` ան ոչինչ ըսած է նման արգասաբեր աշխատանքի գործնական արդիւնքներուն մասին. գործընթաց կայ, արդիւնք չկայ: Իսկ գուցէ, ան այդ մասին չէ ըսել, որովհետեւ ոչ ոք երբեք այդ արդիւնքները տեսած է: Ընդ որում, ոչ ոք որեւէ արդիւնք տեսած է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործին մէջ Ֆրանսայի միջնորդութեան հարցին մէջ, այլեւ միւս միջազգային հարցերուն մէջ, որոնք նախագահ Մաքրոնը բազմիցս յանձն առած է», ըսած է Զախարովա:
Մոսկուան, անոր համաձայն, վաղուց պատրանքներ չէ ունեցած, որ Ֆրանսան կրնայ նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի բարդ խնդիրներու լուծման: