6 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային եւ աւելի լայն արտաշրջանային անվտանգային կացութիւնն ու մարտահրաւէրները: Այս ծիրին մէջ Գրիգորեան զրուցակիցին ներկայացուցած է շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ հայկական կողմի մօտեցումները:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, մասնաւորաբար շեշտած են երկկողմանի համագործակցութեան զարգացումը` ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ծիրին մէջ:


