Իսրայէլեան ուժեր երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 9:30-ին երկու հրթիռներ արձակեցին Մաժիտիէ Մարի շրջանին ուղղութեամբ:
Հրթիռարձակումը թիրախ դարձուց նշեալ շրջանին մէջ գտնուող բացատներ:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը հակադարձած են Քֆարշուպայի բացերէն եւ յստակօրէն Մազարեհ Պասթրայէն արձակուած հրթիռի մը, որ թիրախ ունէր Մազարեհ Շեպաան:
Լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան ստուգելու Քֆարշուպայէն արձակուած հրթիռին մարտկոցները, սակայն անոնք հրթիռարձակումի ոչ մէկ հետք նշմարեցին եւ հաստատեցին, որ հարաւային Լիբանանէն նման գործողութիւն չէ արձանագրուած:
Աւելի ուշ իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ հրթիռակոծում չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը տակաւին կը ստուգեն Ղաժար գիւղաքաղաքին մօտ գտնուող փշաթելերուն կից արձանագրուած պայթումին մանրամասնութիւնները:
Նշենք նաեւ, որ իսրայէլեան բանակի ռատիոկայանէն պատասխանատու զինուորական մը յայտնած էր, թէ պատահածը Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակում չէ, այլ սահմանային շրջանին վրայ ական մը պայթած է:
Կէսօրուան ժամը 11:50-ին Ատրահի հաստատեց, որ Լիբանանէն իսրայէլեան սահմանին ուղղութեամբ հրթիռ արձակուած է` աւելցնելով, որ այս պահուն իսրայէլեան ուժերը թնդանօթներով կը ռմբակոծեն Քֆարշուպան, Հըլթան եւ Քֆարհամամը, այսինքն` այն շրջանները, ուրկէ կատարուած է հրթիռարձակումը:
Իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծումը քանի մը վայրկեան ետք դադրեցաւ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կէսօրէ ետք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ կը խորհրդակցին` արգիլելու համար ապահովական յաւելեալ մագլցումները:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին` ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զգուշանալու որեւէ քայլէ, որուն պատճառով յաւելեալ մագլցում կրնայ արձանագրուիլ:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա երէկ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ սիոնական բռնագրաւումի ուժերը վերջերս վտանգաւոր քայլեր առած են սահմանային Ղաժար գիւղաքաղաքին հիւսիսային կողմը, որ լիբանանեան կողմն է եւ որուն լիբանանեան ըլլալը ճանչցուած է ՄԱԿ-ի կողմէ` նկատի ունենալով, որ անոր շուրջ տագնապ գոյութիւն ունի:
Այդ տագնապին պատճառով թշնամի Իսրայէլ փշաթելեր զետեղելու եւ աղիւսէ պատնէշ մը կառուցելու նախաձեռնեց` գիւղաքաղաքը Լիբանանէն` պատմական իր բնագաւառէն անջատելու նպատակով:
«Ղաժարի շուրջ որդեգրուած այս քայլերը վտանգաւոր են եւ կը նկատուին գիւղաքաղաքի լիբանանեան կողմի ամբողջական բռնագրաւում` զէնքի ուժով, ինչպէս նաեւ Լիբանանը կը զետեղեն կատարուած իրողութեան դիմաց: Հետեւաբար այս քայլերը կ՛ամրապնդեն բռնագրաւումը եւ ոչ թէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ամէնօրեայ խախտումներ են:
Նկատի ունենալով այս վտանգաւոր զարգացումը` կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան պետութեան, իր բոլոր հաստատութիւններով, յատկապէս գործադիր իշխանութեամբ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցի ժողովուրդին իր քաղաքական եւ հասարակական բոլոր ուժերով` քայլեր առնելու` արգիլելու համար Ղաժարի շուրջ ամրապնդուող բռնագրաւումը, արգիլելու իսրայէլեան թշնամական բռնարարքները, որոնք որդեգրուած են լիբանանեան այս գիւղաքաղաքին շրջակայքը, ինչպէս նաեւ ազատագրելու բռնագրաւուած այդ հողը եւ զայն վերադարձնելու հայրենիքին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: