Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիզպոնն Ու Անկախութեան Հռչակագիրը (Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Առիթով)

Յուլիս 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիզպոնի գործողութեամբ փոխանցուած ուղերձները միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին չէին վերաբերեր: Հերոսները կ՛արծարծէին տարածքային պահանջատիրութիւն, հայրենազուրկ գոյավիճակը մերժելու եւ ազատագրութեան դատին նուիրուելու փաստացի եւ գերագոյն զոհաբերութեան օրինակով:

Լիզպոնի գործողութենէն հինգ տարի ետք ծայր կ՛առնէր տարածքներու ազատագրութեան առաջին փուլը` արցախեան շարժումը, որ ազատագրական պայքար էր, ըստ էութեան,  ազրպէյճանական բռնատիրութեան դէմ եւ Հայաստանի հետ միաւորման նպատակը կը հետապնդէր:

Հայրենիքի ազատագրութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան գաղափարախօսութիւնը աւելի ուշ ձեւակերպումներ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Այնուհետեւ անոր հիման վրայ սկսան օգտագործուիլ բառակապակցութիւններ պաշտօնական յայտարարութիւններու մէջ` հայրենազրկում, հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնում, Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարում, Սեւրի պայմանագիրի եւ Իրաւարար վճիռի այժմէական եւ  իրաւական նշանակութիւն, համայն հայութեան իղձերու կենսագործում: Այս բոլորը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին մէջ բանաձեւուեցան` ուղենշելու մեր համազգային երթին կարեւորագոյն հիմնադրոյթները: Պետական մակարդակով գոյացաւ որոշում` հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան:

Լիզպոնի անձնազոհութեան փոխանցած ուղերձները սկսած էին վերածուիլ պետական քաղաքականութեան:

Հիմա կտրուկ շրջադարձ կը կատարուի այդ անցած ուղիէն: Համահայկական հռչակագիրին յղում երբեք չի կատարուիր, համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը կը նկատուի ռոմանթիք առաւելապաշտութիւն, Ցեղասպանութեան մասին նշում կ՛ըլլայ ապրիլքսանչորսեան ուղերձներուն մէջ միայն, Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը կը համարուին հայդատականութիւն, իսկ հատուցման թղթածրարին մասին ակնարկութիւն ընելը` պատերազմ հրահրելու համազօր քայլ:

Աւելի՛ն. Արցախը պաշտօնապէս կ՛ընդունուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս, հանրապետութեան զինանշանը կը համարուի այսօրուան հանրապետութեան հետ աղերս չունեցող խորհրդանիշ, Արագածը կը հակադրուի Արարատին, պատմական Հայաստանը` իրական Հայաստանին, ազգային շահերը` պետական շահերուն:

Այս բոլորը գաղափարախօսական շրջադարձ կատարելու միտք ու ենթահող պատրաստող քայլեր են եւ, ըստ էութեան, ամբողջովին հակոտնեայ` լիզպոնեան խորհուրդին եւ անոր փոխանցած ուղերձներուն:

Լիզպոնի ուղերձները սակայն` թէ՛ Արցախի միաւորման, թէ՛ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, թէ՛ Ցեղասպանութեան ճանաչման սատար կանգնելու եւ թէ՛ հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման ընդառաջ շարժելու առումներով, ամրագրուած են Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, եւ որեւէ իշխանութիւն կամ վարչակարգ չի կրնար այդ իրաւադրոյթներուն հակառակ յայտարարութիւն կատարել կամ գործնական քայլի դիմել:

Լիզպոնի հերոսներուն ճամբով հնչած թէ՛ ազատ ու անկախ ապրելու եւ թէ՛ հայաստանապատկան բոլոր տարածքներուն վերատիրանալու գաղափարախօսական առանցքները բանաձեւուած են Անկախութեան հռչակագիրին եւ այնուհետեւ Համահայկական հռչակագիրին մէջ: Անոնցմէ շեղումը, կտրուկ շրջադարձեր կատարելը համապատասխան է հակասահմանադրականութեան:

Լիզպոնը կարեւորագոյն քանդում կատարեց միջազգային լռութեան պատին: Առաւե՛լ.  Լիզպոնի առաջադրանքները  ամրագրուեցան Անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Ետդարձը այդ բոլորէն` պարզապէս պէտք է բացառել:

Նախորդը

Լիզպոնի Վերանորոգ Պատգամը` «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 27 Յուլիս 2023)

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?