Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆինանսական Ոլորտի Փլուզման Վտանգը Եւ Անորոշ Ծրագիրները

July 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Փարիզի յատուկ պատուիրակին պէյրութեան այցելութեան հետ կապուած մեկնաբանութիւնները տարատեսակ են եւ հետագայ իրադարձութիւններու հունաւորման առումով յստակ ուղիներ չեն մատնանշեր: Բնականաբար կան քաղաքականացուած մօտեցումներ` այցելութեան ընդմէջէն իւրաքանչիւր կողմի առաջադրանքին ենթահողի պատրաստութիւն տեսնելու ուղղութիւններով:

Պատուիրակը ի՛նք շեշտած է, որ ինքը միայն Փարիզը չի ներկայացներ, այլ նաեւ` Տոհայի հնգեակը, որ ստանձնած է Լիբանանի թղթածրարը: Այս այցելութիւնը փաստահաւաքի բնութագիր ունի եւ տուեալ թեկնածուի նախընտրութեամբ չի պայմանաւորուիր: Յստակը այն է, որ սեպտեմբերին դարձեալ հնգեակի հանդիպում պիտի գումարուի, որմէ ետք վերստին գործուղում ի Պէյրութ:

Հնգեակը բաղկացած է Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Սէուտական Արաբիայէն, Եգիպտոսէն եւ Քաթարէն: Այս պետութիւններուն վիճակուած է լիբանանեան թղթածրարի ճակատագիրի որոշումը, իրենց մօտեցումով` հանգուցալուծումներու համար երկխօսութեան հարթակ ձեւաւորելու աշխատանքը: Այդ կ՛ենթադրէ, որ առնչուած այս պետութիւնները ունին իրենց ազդեցութեան գօտիները Լիբանանի մէջ, համայնքային կտրուածքով: Այս տրամաբանութեան շղթան տեղ մը կ՛ընդհատուի, երբ մտաբերենք, որ ամէնէն որոշիչ համայնքներէն շիի համայնքը, որուն վրայ հզօր ազդեցութիւն ունի Իրանը, չէ ներգրաւուած հնգեակի ձեւաչափին մէջ:

Սուր ակնարկութիւններ չկան Թեհրանի դուրս մղման ուղղութեամբ: Ընդհակառակը, պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ չի շրջանցուիր Իրանը, ի պահանջեալ հարկին առնչելու ենթահողի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ: Իրողապէս սակայն պարզ է, որ չի կրնար գոյանալ համալիբանանեան համաձայնութիւն առանց շիի համայնքին, բնականաբար նաեւ լիբանանեան թղթածրարին առումով տարածաշրջանային ընդհանուր համաձայնութիւն` առանց Իրանին:

Լը Տրիանի փաստահաւաքային այցելութիւնը կը վերափոխուի երկխօսութեան գործընթացի առաքելութեան, սեպտեմբերին: Այդ կը նշանակէ, որ նոր գործընթաց պիտի մեկնարկուի: Այս բոլորը սակայն տեժա վիւի տպաւորութիւն կը ձգեն ոչ թէ պաշտօնաթող դիւանագէտ-պատուիրակի, այլ Ֆրանսայի գործող նախագահի մակարդակով, որ եկաւ, փաստահաւաքեց, հանդիպումներ կազմակերպեց, վերջնագրային յայտարարութիւններ կատարեց եւ մեկնեցաւ:

Զուգահեռ կը ստեղծուի նոր անորոշութիւն, որուն հետեւանքները կրնան ըլլալ ցաւոտ եւ անմիջական: Խօսքը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտով ստեղծուող անորոշութեան մասին է: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումը նախագահի ստորագրութեամբ պէտք է ստանայ նախագահի համաձայնութիւնը: Նախագահի բացակայութեան, նախագահական լիազօրութիւններ կատարելու իրաւական մեկնաբանութիւն կատարող վարչապետը հանդէս կու գայ կառավարիչի նշանակման նախաձեռնութեամբ: Կիսագործող կառավարութեան յատուկ նիստը չի յաջողիր ապահովել օրինաթիւ: Մինչ ըստ օրէնքի, առաջին փոխկառավարիչը, որ կրնայ ստանձնել կառավարիչի լիազօրութիւնները, կը հրապարակէ իր անհամաձայնութիւնը ստանձնելու պատասխանատուութիւնը:

Կեդրոնական դրամատունը, այս արհաւիրքային իրականութեան մէջ, կը կատարէր շատ կենսական դեր, լիբանանեան դրամանիշի արուեստական կայունացումներու, բայց մանաւանդ ամբողջ պետական համակարգը ֆինանսաւորելու առումներով: Նման գործառոյթներու ենթադրեալ կասեցումը գետնի վրայ անմիջականօրէն եւ շատ սուր կերպով ոչ միայն կը հարուածէ պետական բոլոր հաստատութիւններու համակարգը, այլեւ ուղղակի կաթուածահար կը դարձնէ հասարակական կարգը: Խօսքը բոլոր տեսակի պետական կառոյցներու աշխատանքի կասեցման մասին է` կրթականէն զինուորական, մշակութայինէն վարչակառավարման, առողջապահականէն փոխադրամիջոցային եւ մասամբ նորին:

Նման բեմագրութեան առարկայացումի ընթացքը կրնայ նախանշել ամբողջ համակարգային փոփոխութեան  մը ծրագիրը: Նախագահի ընտրութեան առկախումը, հրաժարեալ վարչապետի եւ լիազօրութիւններ չունեցող կառավարութեան երեւոյթը, եւ հիմա` անկառավարիչ ֆինանսական ոլորտի հաւանականութիւնը: Վերահսկուող քաոսի այս ընթացքը անկանխատեսելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ եւ առաջնորել երկիրը դէպի նոր հանրապետութիւն` լաւագոյն պարագային: Այլապէս, քաոսի խորացումը կը սպառնայ այս երկրին ու ժողովուրդին:

Հնգեակներու կամ պատուիրակներու համաձայնութիւններէն եւ ժամանումներէն առաջ լիբանանցին ի՛նք պիտի գիտակցի պետական եւ հասարակական կարգերու կազմաքանդման այս ընթացքէն յառաջանալիք հետեւանքներու ծանրութեան եւ վերահամոզուի, որ միակ միջոցը այս բոլորի յաղթահարման ներլիբանանեան համաձայնութիւնն է: Այլապէս կը նկատուի արտալիբանանեան այլ համաձայնութիւն մը` վերահսկելի քաոսով համակարգափոխութեան ծրագիրի մը շուրջ:

«Ա.»

Նախորդը

«ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններ Եւ Դաշնակցական Գործը Այսօր» Խորագիրով Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Մեկնարկ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայաստանը Հոս Էր, Դուն Ալ Տեսա՞ր»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.