Հայաստան Հաւանական Կը Նկատէ Մինչեւ Տարեվերջ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրումը
Հայաստան դրական կը գնահատէ Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպումը Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Երեւանը այդ հանդիպումը լաւ կարելիութիւն կը նկատէ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին ըսած է Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: «Միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին շատ կարեւոր է, եւ մենք շատ դրական...




















