Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Մեր Ժողովուրդը Ծնո՛ւնդն Է Արցախին» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

July 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Հայրապետական Պատգամը Յղեց
Արցախի Զօրակցական Հաւաքներուն

Բարբարոս Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը կը դիմագրաւէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ մարդկային տարրական պահանջներու լուրջ դժուարութիւններ: Սփիւռքի մեր հայորդիները, կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին լծուած են արցախահայութեան ինքնիշխանութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ու պահպանելու աշխատանքներուն:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 25 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցան ժողովրդական հանրահաւաքներ` Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով:

Այս հանրահաւաքներուն իր հայրապետական զօրակցական պատգամը յղեց  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Ան իր պատգամը սկսաւ` յատկապէս Արցախի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահեցնելով, թէ մենք` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, մեր միաբանութեամբ, աշխարհասփիւռ թեմերով, կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով, այլ խօսքով` ամբողջ սփիւռքը արցախահայութեան հետ է: Արցախը այսօր կ՛ապրի մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերը: Այս կացութեան դիմաց մենք պէտք է մեր հաւատքն ու կամքը աւելի ամրապնդենք եւ Արցախի ապագային նկատմամբ մեր տեսլականը պահենք միշտ պայծառ, ըսաւ ան:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ անցեալին Արցախը մե՛րը եղած է. այսօր Արցախը մե՛րն է եւ վստահեցուց, որ Արցախը մի՛շտ պիտի մնայ մերը, որովհետեւ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, արցախահայութիւնը եղած է Արցախի մէջ եւ իր քրտինքը միախառնած է Արցախի հողին:

Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.

ա) Պատմութիւնը կը վկայէ, որ Արցախը միշտ եղած է ինքնավար: Արցախի մեր ժողովուրդը եկուոր չէ՛: Ան ծնո՛ւնդն է Արցախին: Պատմութեան ընթացքին Արցախը երբեք ենթակայ չէ եղած այլ իշխանութիւններու, այլ եղած է ինքնավար. եւ չմոռնանք, երբ Խորհրդային Միութիւնը վերջ գտաւ, Արցախը պահեց ու այսօր եւս պէտք է պահէ իր ինքնորոշման իրաւունքը:

բ) Միջազգային օրէնքներուն համաձայն, ժողովո՛ւրդն է իր ապագան ճշդողը: Ժողովուրդի մը ինքնիշխանութիւնը, ինքնավարութիւնը միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու ամէնէն հիմնական սկզբունքներէն մէկն է:

գ) Արցախը չի կրնար շրջանի համապարփակ, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան զոհը դառնալ: Արցախի ինքնավարութեան իրաւունքը չի կրնար միջազգային դիւանագիտական սեղաններու շուրջ քննարկումի նիւթ դառնալ: Արցախը եղած է ինքնավար. այսօր է՛ ինքնավար եւ միշտ պիտի մնայ այդպիսին, որովհետեւ ա՛յս է Արցախի մեր ժողովուրդին կամքը եւ իրաւունքը: Ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, ազատութիւնը աստուածատուր է եւ ո՛չ ոք իրաւունքը ունի զայն խլելու ժողովուրդի մը ձեռքէն:

Իր պատգամի աւարտին, վեհափառ հայրապետը արթնութեան ու զգաստութեան կոչ ուղղեց արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան. «Զարթի՛ր, Արցախի ժողովուրդ, մի՛ վհատիր, մի՛ նահանջեր, մեր ազգը ամբողջ քեզի հետ է` Հայաստան եւ սփիւռք, որովհետեւ Արցախը մե՛նք ենք, բոլորս: Արցախին իրաւունքը ողջ հայութեան իրաւունքն է եւ անոր պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է:

«Զարթի՛ր, Արցախի ժողովուրդ, եղի՛ր ամուր, եղի՛ր միշտ հզօր, պատնէշի վրայ եւ եղի՛ր քու իրաւունքներուդ, մեր ազգի իրաւունքներուն հզօր պահապանն ու պաշտպանը»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով Ամենակալին, որ Արցախը Իր երկնային հզօրութեամբ ու օրհնութեամբ միշտ պահէ հզօր ու անսասան:

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչը Լոզանի Մէջ Մասնակցեցաւ Լոզանի Դաշնագիրի 100-Ամեակին Առիթով Կազմակերպուած Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Լիզպոնի Վերանորոգ Պատգամը` «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակը  Շնորհուեցաւ Ռապըրթ Հոլին Եւ Մայքըլ Վուտֆորտին
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուեցաւ Ռապըրթ Հոլին Եւ Մայքըլ Վուտֆորտին

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.