Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման Յուշագիրը Նախաստորագրուեցաւ. Ստորագրութեան Արարողութիւնը` 21 Յունիսին

Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի սկիզբէն 108 օր ետք, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ համաձայնութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ: Ան կիրակի-երկուշաբթի ուշ գիշերին «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, թէ երկու կողմերը բոլոր ճակատներու, ներառեալ Լիբանանի մէջ գործողութիւններու անմիջական եւ տեւական դադրեցում...

Սաղաթէլեան. «Ընտրութիւններուն Հիմամբ Արձանագրուած Երկու Կարեւոր Փաստի Հետ Փաշինեան Չ՛ուզեր Հաշուի Նստիլ»

Սաղաթէլեան. «Ընտրութիւններուն Հիմամբ Արձանագրուած Երկու Կարեւոր Փաստի Հետ Փաշինեան Չ՛ուզեր Հաշուի Նստիլ»

Երէկ հրապարակուած տեսաուղերձի մը մէջ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց. «Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ արձանագրուած երկու կարեւոր փաստի հետ Նիկոլ Փաշինեան որեւէ ձեւով չ՛ուզեր հաշուի նստիլ եւ համակերպիլ: Առաջինը, հակառակ աննախադէպ, լայնածաւալ արտաքին աջակցութեան կամ տուեալ պարագային միջամտութեան, հակառակ պետական վարչական միջոցներու աննախադէպ կիրարկման եւ բազմաթիւ ապօրինութիւններու, Նիկոլ Փաշինեան չկրցաւ ստանալ մեր ժողովուրդի...

Ընդդիմադիր Ուժերը «Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութեան Ազգային Ժողով Անցնելու Հարցը Փակուած Չեն Նկատեր

Ընդդիմադիր Ուժերը «Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութեան Ազգային Ժողով Անցնելու Հարցը Փակուած Չեն Նկատեր

Ընդդիմադիր ուժերը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարան անցնելու հարցը փակուած չեն նկատեր: «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը մտադիր են այս ուրբաթ դիմել Սահմանադրական դատարան` պահանջելով անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները: «Տակաւին յստակ պարզ չէ, թէ արդեօք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը դուրս մնա՞ց խորհրդարանէն, թէ՞ ոչ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի ներկայացուցիչ Գոհար Մելոյեան: «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքին...

Դիլիջանի Մէջ Հանդիպած Են Արմէն Գրիգորեանը Եւ Հիքմեթ Հաճիեւը

Դիլիջանի Մէջ Հանդիպած Են Արմէն Գրիգորեանը Եւ Հիքմեթ Հաճիեւը

Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նախանցեալ օր հանդիպած են Դիլիջանի մէջ: Կողմերը նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն տարածած են, ըստ որուն «բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած են ազրպէյճանական-հայաստանեան խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր եւ ընդգծած են երկկողմանի ուղիղ երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը»: Կը նշուի, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է «երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած...

Պաղայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մէկ Մասն Է»

Պաղայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մէկ Մասն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալը Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի անբաժանելի մէկ մասն է: Ան նշեց, որ գոյացած է բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու փոխըմբռնման յուշագիր մը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց. «Եթէ պէտք ըլլայ մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք Լիբանանի համար, եւ ատիկա...

Ակնարկ.  Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Խախտողները

Ակնարկ. Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Խախտողները

Միացեալ Նահանգներ-Իրան հրադադարի շուրջ կայանալիք համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին բազմաթիւ լրատուութիւններ կը շրջանառուէին: «Իսլամապատի համաձայնութիւն» ձեւակերպումը իր վրայ կեդրոնացուցած էր համաշխարհային լրատուադաշտի ուշադրութիւնը: Թէեւ այս տեսարանը դիտուած ժապաւէնի տպաւորութիւնը կը ձգէր` տրուած ըլլալով, որ այս իրավիճակի նախադէպը քանի մը անգամ հրամցուած էր դիպաշարի հետեւողներուն: «Կողմերը շատ մօտ են համաձայնութեան եւ կը ճշդեն վերջին մանրամասնութիւնները»: «Իրանի դէմ պատերազմը աւարտած է», հերթական...

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները, Մինչ  Հաւաքական Ընդդիմութիւնը Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց Կատարեց

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները, Մինչ Հաւաքական Ընդդիմութիւնը Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց Կատարեց

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ արտահերթ նիստ գումարելով հրապարակեց ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, հետեւեալ ձեւով` «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ 340.006 քուէ կամ 23,2710 տոկոս: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 58.287 քուէ կամ 3,9893 տոկոս: «Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 726.819 քուէ կամ 49,7456 տոկոս: «Հայաստան» դաշինքը` 144.983 քուէ կամ 9,9231 տոկոս: Նիստին զուգահեռ հաւաքական ընդդիմութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր: Հաւաքուածները կը պահանջէին չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններուն արդիւնքները...

6 Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւն

6 Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւն

Յունիսի 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ ընդդիմադիր վեց քաղաքական ուժեր երէկ հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. Հայաստանի Հանրապետութիւնում կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի են ունեցել այնպիսի պայմաններում, որոնք հիմնովին կասկածի տակ են դնում ընտրական գործընթացի ազատ, արդար եւ մրցակցային բնոյթը: Ներքոստորագրեալ քաղաքական ուժերս արձանագրում ենք, որ ընտրական ողջ գործընթացում` ներառեալ նախընտրական ժամանակահատուածում եւ քուէարկութեան օրը, տեղի...

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը, Իրան համաձայն կը գտնուի պահպանելու ներկայ հիւլէական կացութիւնը, ներառեալ իւրանիոմ չհարստացնել կամ հիւլէական կառոյցները չընդլայնել»: Պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան ըսած է. «Նախագիծին համաձայն, Ամերիկան կը համաձայնի ապասառեցնել մեր սառեցուած գումարներէն 25 միլիառ տոլար, ներառեալ գումարներու ուղղակի փոխանցումները, շրջանի պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը եւ ֆինանսական ապահովագրման գիծերը, եւ Իրան անմիջապէս...

Իրանի Հակադարձութիւնը` Անխուսափելի՞.  Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Իրանի Հակադարձութիւնը` Անխուսափելի՞. Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Իսրայէլեան բանակը երէկ օդային յարձակում մը գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ` թիրախաւորելով Ղպէյրի շրջանի մերձակայքը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ իսրայէլեան բանակը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլային պատկանող թիրախ մը ռմբակոծած է` հակադարձելով իսրայէլեան հողերու ուղղութեամբ Հըզպալլայի արձակած հրթիռներուն եւ անօդաչու թռչող սարքերուն: «Իսրայէլ իր հողերուն վրայ հրթիռարձակումը պիտի չարտօնէ»,...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտեցինք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտեցինք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտեցինք, եւ անոնք համաձայն գտնուեցան բացարձակապէս հիւլէական զէնք չունենալու, ինչ որ բան մըն է, որուն վրայ պնդեցինք: Հիմնական նպատակը այդ էր»: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Ասիկա համաձայնութեան 95 առ հարիւրն է», ըսաւ ան: Աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը զինադադարի ընթացքին հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրանի...

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները  Ռուսիա – Ուքրանիա Ուղղակի  Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղեն

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները Ռուսիա – Ուքրանիա Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղեն

Ռուսիոյ մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումէն եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ներկայութեամբ Լոնտոնի մէջ գումարուած վեհաժողովէն օրեր ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ ռուսերուն փոխանցած են լոնտոնեան վեհաժողովի գլխաւոր եզրակացութիւնները, ներառեալ «Զելենսքիի` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու փափաքի աջակցութիւնը»: Բրիտանիա այս...

«Ուժեղ Հայաստան» Դաշինքը Կը Պահանջէ  Անվաւեր Ճանչնալ Ընտրութիւններու Արդիւնքները

«Ուժեղ Հայաստան» Դաշինքը Կը Պահանջէ Անվաւեր Ճանչնալ Ընտրութիւններու Արդիւնքները

Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պնդէ, որ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը չէ յաղթած 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընտրական ժամանակաշրջանին «իշխանութեան կողմէ օգտագործուած վարչական միջոցներու, քրէական հետապնդումներու, վախի մթնոլորտի ու ատելութեան խօսքի տարածման եւ ընտրութիւններու օրը տեղի ունեցած խախտումներու» հիմքով «Ուժեղ Հայաստան»-ը երէկ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով դիմում ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին: Դիմումը Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մօտ մուտքագրած...

«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը  Կը Մեղադրէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը  Կուսակցութեան Խորհրդարան Մուտքը Կանխելու Համար

«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը Կը Մեղադրէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Կուսակցութեան Խորհրդարան Մուտքը Կանխելու Համար

Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը մեղադրէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը քաղաքական պատուէր կատարելու եւ կուսակցութեան խորհրդարան մուտքը կանխելու համար: Կուսակցութիւնը կը պատրաստուի քաղաքական ու իրաւական քայլերու ձեռնարկել տեղի ունեցող ապօրինութիւնը թոյլ չտալու համար: «Վահագն Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը անմռունչ կերպով կեանքի կոչեց Նիկոլ Փաշինեանի ցանկութիւնը, այն է` թոյլ չտալ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան յաղթահարել անցողիկ շեմը», ըսաւ «Բարգաւաճ Հայաստան»...

Շարհ. «Սուրիոյ  Լիբանան Մուտք Գործելու  Վերաբերեալ Խօսակցութիւնները  Պարզապէս Տարաձայնութիւններ Են»

Շարհ. «Սուրիոյ Լիբանան Մուտք Գործելու Վերաբերեալ Խօսակցութիւնները Պարզապէս Տարաձայնութիւններ Են»

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ յայտնեց, որ Սուրիոյ Լիբանան մուտք գործելու վերաբերեալ խօսակցութիւնները պարզապէս տարաձայնութիւններ են, «եւ մեր ուղղուածութիւնը հիմնուած է Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ջանքին վրայ, եւ ոչ թէ` զայն ընդլայնելու կամ անոր մէջ ներգրաւուելու վրայ»: Շարհ Դամասկոսի գիւղական շրջանի բնակիչներու պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծման թղթածրարը ներկայ փուլին առաջնահերթութիւն չէ` նկատի ունենալով,...

Ակնարկ.  Չինական Կանխարգիլում` Վենեզուելա 2-ի

Ակնարկ. Չինական Կանխարգիլում` Վենեզուելա 2-ի

Իրան - Միացեալ Նահանգներ հակամարտութիւնը կ՛ընթանայ թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ ռազմական ուղիներով միաժամանակ: Որքան ալ կարելի չըլլայ յենիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւններուն վրայ, այդուհանդերձ կար բաժին, որ կը համընկնէր պաշտօնական Թեհրանի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն: Նախագահ Թրամփ համաձայնութեան կայացման քանի մը օրուան մօտալուտ ըլլալուն մասին կը խօսէր, մինչ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը մինչեւ ամսեվերջ կը նախատեսէր համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: Զուգահեռ կ՛աշխուժանար բազմամիջնորդական...

Թրամփ. «Շահագրգիռ Բոլոր Կողմերը Համաձայն  Գտնուեցան Վերջնական  Քննարկումներուն Եւ Կէտերուն»

Թրամփ. «Շահագրգիռ Բոլոր Կողմերը Համաձայն Գտնուեցան Վերջնական Քննարկումներուն Եւ Կէտերուն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակին հրամայած է Հորմուզի նեղուցին մէջ գաղտնի գործողութիւն մը կատարել, իսկ Հնդկաստան Նիւ Տելհիի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավարը իր մօտ կանչեց Օմանի ծովեզերքին մօտ հնդկական նաւի մը թիրախաւորման եւ անոր անձնակազմի անդամ երեք հնդիկներու անհետ կորսուելուն դէմ բողոք ներկայացնելու համար: Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հնդկական երեք նաւեր ամերիկեան ծովուժին...

Աուն. «Հակառակ Ճնշումներուն,  Բանակցութիւններէն Պիտի Չհեռանանք»

Աուն. «Հակառակ Ճնշումներուն, Բանակցութիւններէն Պիտի Չհեռանանք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Մշակոյթ եւ ազատութիւն» հաստատութեան պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Մեր ընտրանքը կը մնայ պետութիւնը, որովհետեւ անիկա բոլորս կը պաշտպանէ, եւ պէտք է համոզուինք, որ գերիշխան պետութիւն ենք»: «Ոեւէ պաշտօնեայի վարած պաշտօնը շքեղութիւն չէ, այլ պատասխանատուութիւն. կա՛մ ան պէտք է իր պատասխանատուութեան ու որոշումներուն բարձրութեան վրայ ըլլայ, կա՛մ ալ պէտք է տունը մնայ», ըսաւ ան: «Հակառակ...

«Ուժեղ Հայաստան» Դաշինքը Այսօր Կեդրոնական  Ընտրական Յանձնախումբէն Պիտի Պահանջէ  Չեղեալ Յայտարարել Ընտրութեան Արդիւնքները

«Ուժեղ Հայաստան» Դաշինքը Այսօր Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբէն Պիտի Պահանջէ Չեղեալ Յայտարարել Ընտրութեան Արդիւնքները

Նախնական արդիւնքներով ընտրութիւններուն ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն ետք ամէնէն շատ ձայները ստացած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պատրաստուի այսօր դիմել Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ` պահանջելու «չեղեալ յայտարարել ընտրութեան արդիւնքները եւ վերատեսութեան ենթարկել իշխող ուժի ձայները»: «Ուժեղ Հայաստան»-ի ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան յայտնած է, որ եթէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն առարկայական պատասխան չստանան, պիտի դիմեն նաեւ Սահմանադրական դատարան: Սահմանադրական դատարան դիմելու մտադրութեան մասին աւելի կանուխ...

Սկսած Է Թուրքիոյ Հետ Հայաստանի  Հանրապետութեան  Սահմանի «Մարգարա» Մաքսակէտի Շինարարական  Աշխատանքներու Առաջին Փուլը

Մարգարայի Անցակէտը Քանի Մը Օրով Պիտի Բացուի. Հայաստան Թուրքիոյ Ճամբով Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Ուղարկէ Լիբանան

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր երէկուան նիստի ընթացքին որոշած է Թուրքիոյ տարածքով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Լիբանան: Որոշումին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող «Մարգարա» անցակէտը 12-22 յունիսին պիտի բացուի` մարդասիրական բեռներու տեղափոխման համար: Այս անցակէտը չի գործեր եւ գործող իրաւական կարգաւորումներով կարելի չէ նշեալ սահմանային անցակէտով անձերու, բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անցումը: Ինչպէս կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, որոշումը որդեգրուած է Լիբանանի բնակիչներուն,...

Page 22 of 795 1 … 21 22 23 … 795

Արխիւներ