Այնճարի Մէջ. Նահատակ Զաւէն Թաշճեանի Կիսանդրիի Քողազերծում Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, կիրակի, 21 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին առիթով եւ «Խոնարհ ընկեր ու ղեկավար» խորագիրով տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերոջ կիսանդրիի քողազերծում եւ յիշատակի հանդիսութիւն: Խօսք առին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէէն Շահան Փանոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան: Ձեռնարկին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային:




















