Խաղաղութեան խորհուրդի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մելատենով յայտնեց, որ Իսրայէլ Կազայէն պիտի հեռանայ, եթէ Համաս «իսկական» կերպով զինաթափուի:
Ան իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ ճամբու քարտէսին նպատակը երաշխաւորելն է, որ Կազան անգամ մը եւս Իսրայէլի անվտանգութեան սպառնալիք չդառնայ:
«Ծրագիրը հիմնուած է երեք հիմնական տարրերու վրայ. Կազայի ամբողջական կերպով զինաթափումը, Կազայի մէջ իշխանութեան պատասխանատուութիւնը ազգային յանձնախումբի ճամբով փոխանցել Խաղաղութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ մուտքը միջազգային ապահովական ուժի մը, որ համաձայնութեան գործադրութիւնը կը ստուգէ», նշեց Մելատենով:
Հակառակ Խաղաղութեան խորհուրդի 31 յուլիսին հրապարակած ճամբու քարտէսին, որ կը նշէ, թէ Համասի զինաթափումն ու իսրայէլեան հեռացումը աստիճանական կերպով ու զուգահեռ պիտի ընթանան, ան ըսաւ, թէ Իսրայէլէն պիտի չպահանջուի որեւէ հեռացում կատարել, նախքան գետնի վրայ զինաթափման վերաբերեալ գործնական քայլերու որդեգրումը:
Մելատենով նշեց, որ իսրայէլեան հեռացումը «շրջանէ շրջան» պիտի կատարուի. իսրայէլեան բանակը բոլոր շրջաններու զինաթափումէն ետք աստիճանական կերպով պիտի նահանջէ, ի վերջոյ հասնելով Կազան շրջապատող ցանկապատին:
Ան աւելցուց, որ ծրագիրը Իսրայէլին չ՛արգիլեր իր ուժերուն որեւէ սպառնալիքի անմիջապէս հակադարձել:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալց յայտնեց, որ Համասը կա՛մ պէտք է իր զէնքէն հրաժարի, կա՛մ ալ իսրայէլեան բանակին ձեռամբ զայն բռնի ուժով խլման դիմաց պիտի կանգնի:
Ուալց «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կազայէն հեռացման կարգ մը քայլերու դասաւորման ու ճշդուած ժամանակին շուրջ վերապահութիւններ ունի:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ վերապահութիւն ունի Համասի իր զէնքերը նորակազմ պաղեստինեան ոստիկանութեան յանձնելու գաղափարին նկատմամբ, եւ Կազայի մէջ Քաթարի եւ Թուրքիոյ որեւէ դերակատարութիւն կը մերժէ:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Էն 12» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Որեւէ պարագայի Քաթարին ու Թուրքիոյ պիտի չարտօնենք Կազայի մէջ մեր գործելաոճին հսկել»:


