Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեր Հոգեւոր Եղբօր`  ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Վեհափառին Դատարան  Կանչուիլը Կը Նկատենք Անընդունելի Եւ Դատապարտելի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեր Հոգեւոր Եղբօր` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Վեհափառին Դատարան Կանչուիլը Կը Նկատենք Անընդունելի Եւ Դատապարտելի»

Երէկ երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց այսօր Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին դատարան կանչուելուն վերաբերեալ. «Երկու վեհափառներս մնայուն կապի մէջ ենք իրարու հետ եւ կը խորհրդակցինք մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող խնդիրներու շուրջ: Մեր խոր ընդվզումը յայտնեցինք Գարեգին վեհափառին եւ նոյնիսկ առաջարկեցինք դատարան չներկայանալ եւ իր ներկայացուցիչը ուղարկել: Կոչ կ՛ուղղենք պետական պատասխանատուներուն, ինչպէս յաճախ կատարած...

Դաւիթ Իշխանեան. «Սա Քաղաքական  Պատուէրով Դատավարութիւն Է»

Դաւիթ Իշխանեան. «Դատող Կողմի Համար Այս Դատավարութիւնը Տապալուած Է»

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ աւարտած է Արցախի ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարութեան դէմ յարուցուած շինծու դատավարութեան հերթական փուլը: Պաքուի բանտէն Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հերթական անգամ ուղերձ յղած է` ընդգծելով, որ դատավճիռը վաղուց կանխորոշուած է. պաշտպանական կողմի հիմնական նպատակը գործը միջազգային իրաւական ատեաններ հասցնելն է: Ստորեւ` Դաւիթ Իշխանեանի ուղերձը. «Խաղաղութեան դատավարութեան հերթական փուլը կարելի է համարել աւարտուած: Վերաքննիչ...

Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Աւարտեցան` Յաջորդ Փուլի Սկզբունքային  Թուականը 1 Սեպտեմբերն Է

Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Աւարտեցան` Յաջորդ Փուլի Սկզբունքային Թուականը 1 Սեպտեմբերն Է

Երէկ Հռոմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան-Իսրայէլ ամերիկեան միջնորդութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու երրորդ օրը: Պաապտայի պալատի աղբիւրները «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ երէկ Հռոմի մէջ գումարուած բանակցութիւններուն մեկնարկը մէկ ժամ ուշացած է ամերիկեան պատճառներով: Բանակցութիւններու ընթացքին գումարուած են երեք զուգահեռ ժողովներ` քաղաքական, զինուորական եւ իրաւական-սահմանային: Զինուորական ժողովի ընթացքին քննարկուած են թեքնիք նիւթերու շուրջ խորհրդակցութեան թեքնիք հարցը եւ զինուորական...

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտութեան  Պարագային Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու»

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտութեան Պարագային Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան բանակցելու փափաք յայտնած է` նշելով, որ բանակցութիւնները լաւ ձեւով կ՛ընթանան: Թրամփ աւելցուց, որ բանակցութիւնները կրնան յաջողիլ կամ ձախողիլ` ընդգծելով, որ իր երկիրը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային Իրանի վրայ յարձակում գործելու: Սակայն Սպիտակ տան ղեկավարը շեշտեց, որ կը նախընտրէ համաձայնութեան հասնիլ, եւ կռիւի ու ամէն ինչ քանդելու չի ձգտիր: Ան ըսաւ, որ Իրան...

Այսօր` Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ  Բանակցութիւններու Վերջին Օրը

Այսօր` Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Վերջին Օրը

Երէկ Հռոմի ամերիկեան դեսպանատան մէջ աւարտեցաւ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երկրորդ օրը: Պաապտայի պալատէն աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Երէկ Հռոմի մէջ գումարուեցան անջատ ժողովներ` քննարկելու համար քաղաքական, զինուորական եւ սահմաններու թղթածրարները»: Ըստ աղբիւրներուն, ամերիկեան պատուիրակութիւնը երկու պատուիրակութիւններէն խնդրած է բանակցութիւնը դադրեցնել` շարունակելու համար կարգ մը հաղորդակցութիւնները, որ կը կատարէ բանակցութիւններուն վերաբերեալ: Պաապտայի պալատի աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին նշեցին. «Գործընթացին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներէն դիմումներու ընտրութենէն...

Իսրայէլեան Մագլցում

Իսրայէլեան Մագլցում

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ առնուազն երկու իսրայէլացի զինուորներ սպաննուած են հարաւային Լիբանանի Մաժտալ Զուն շրջանին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Հըզպալլան զինադադարը խախտեց, եւ բանակը անոր դէմ ուժեղ կերպով պիտի գործէ», աւելի ուշ աւելցնելով. «Հարաւային Լիբանանի մէջ թիրախաւորուած հարուածներու սկսանք` հակադարձելով Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի խախտման»: Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Սուր գաւառի Զըպքին եւ Մաժտալ...

Թրամփ. «Հորմուզի Նեղուցը  Կրնայ Այսօր Կամ Հինգշաբթի Օր Բացուիլ»

Թրամփ. «Հորմուզի Նեղուցը Կրնայ Այսօր Կամ Հինգշաբթի Օր Բացուիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցը կրնայ այսօր կամ վաղը` հինգշաբթի օր բացուիլ»: Լաւատեղեակ աղբիւր մը, սակայն, Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցին շուրջ բանակցութիւնները բացառապէս Իրան-Օման բանակցութիւններ են, եւ Միացեալ Նահանգները անոնց հետ կապ չունին` շեշտելով, որ Հորմուզի նեղուցը Օմանի հետ համաձայնութեան գոյացման պարագային պիտի չբացուի, եթէ ամերիկեան խախտումները շարունակուին` աւելցնելով, որ նեղուցի բացումը պայմանաւորուած...

Նեթանիահու. «Ամերիկացիները Մեզի Ուղարկեցին  Կազայի Վերաբերեալ Նախագիծ Մը,  Որուն Հաւանութիւն Չտուինք  Եւ Մեր Նկատումները Ուղարկեցինք»

Նեթանիահու. «Ամերիկացիները Մեզի Ուղարկեցին Կազայի Վերաբերեալ Նախագիծ Մը, Որուն Հաւանութիւն Չտուինք Եւ Մեր Նկատումները Ուղարկեցինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Վճռականօրէն տրամադրուած եմ մեր անվտանգութեան շահերը իրագործելու: Կազայի մէջ գիծերէն պիտի չհեռանանք, մինչեւ որ Համասը ամբողջովին զինաթափուի»: «Բանակին ցուցմունք կու տանք իրենք զիրենք, մեր քաղաքացիներն ու հողերը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ ամէն բան ընելու: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր խումբը կը կարծեն, թէ Համասը կարելի է զինաթափել եւ Կազան ապազինեալ դարձնել, եւ մենք այդ...

Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին

Ըստ Պաքուի «Հայաստանի Մէջ Շուտով Պիտի Սկսի Նոր Սահմանադրութեան Որդեգրման Գործընթացը»

Թրքական «Հապեր Կլոպըլ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսաւ. «Մենք ազդակներ կը ստանանք, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ պիտի սկսի նոր սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը»: Ան աւելցուց, որ հաւանական է Հայաստանի մէջ հանրաքուէի կազմակերպումը: «Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ` Ազրպէյճանի հասցէին տեղ գտած պահանջներու ջնջումէն ետք, մենք խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան որեւէ խոչընդոտ այլեւս պիտի...

Խմբագրական.  Երկրորդ Նաւահանգիստը

Խմբագրական. Երկրորդ Նաւահանգիստը

Ծովային ելք կամ ընդհանրապէս ծովային եզրագիծ ունեցող երկիրներուն համար նաւահանգիստները երկրի տնտեսութեան հիմնական հաստատութիւններն են: Մեծ առաւելութիւն ունի երկիր մը, որուն տարածքային ամբողջականութեան կը ներառուին ջրային տարածքներ: Իսկ նաւահանգիստը առեւտուր է եւ զբօսաշրջութիւն` իբրեւ երկու հիմնական տնտեսական ուղղութիւն: Մանաւանդ երկրի մը, որուն այլ ոլորտներու արտադրողականութիւնը այնքան մրցունակ չէ եւ որ չունի հանքային կամ ուժանիւթային հարստութիւն: Այս երկրորդի պաշարներուն առումով կան...

Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց  Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ  Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

4 Օգոստոսի Պայթումի 6-Ամեակին Առիթով` Աուն. «Ամբաստանութեան Հրապարակումը Անհրաժեշտութիւն Մըն Է, Որ Յաւելեալ Սպասում Չի Հանդուրժեր»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 6-ամեակին առիթով շեշտեց, թէ ամբաստանութեան հրապարակումը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ յաւելեալ սպասում չի հանդուրժեր: «Ամէն տարի այս օրը ամբողջ Լիբանանը կը կանգնի չբուժուած վէրքի եւ չմարած յիշողութեան առջեւ: Մենք կը յիշենք այն պահու սարսափը, երբ Պէյրութը մինչեւ խորքը ցնցուեցաւ, երբ նաւահանգիստը` տնտեսութեան կենսական կարեւորութիւն ունեցող աղբիւրը, վերածուեցաւ ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախադէպ ողբերգութեան թատերաբեմի:...

63 Թեր Եւ 28 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ  Ռուբէն Ռուբինեան Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

63 Թեր Եւ 28 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Ռուբէն Ռուբինեան Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

Երէկ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան` 63 թեր եւ 28 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Ռուբինեանի օգտին քուէարկեց միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, «Ուժեղ Հայաստան»-ը դէմ քուէարկեց, «Հայաստան» խմբակցութիւնը առհասարակ չմասնակցեցաւ ընտրութեան: «Յարգելի ընդդիմադիր գործընկերներ, այն փաստը, որ դուք չէք քուէարկած իմ օգտիս, ոչինչ կը նշանակէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, ես կը պատրաստուիմ ըլլալ ամբողջ Ազգային ժողովի նախագահը», յայտարարեց Ռուբինեան: Ռուբէն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Գնահատեց Թալեպի Կեցուածքը

Նիւ Եորքի համալսարանի լիաժամ ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարան այցելու դասախօս, «Սեւ Կարապ» աշխարհահռչակ վէպի լիբանանցի-ամերիկացի հեղինակ դոկտ. Նասիմ Նիքոլա Թալեպ «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ մերժած է Ազրպէյճանի մէջ դասախօսութիւն տալու հրաւէրը, հակառակ կազմակերպիչներու իրենց առաջարկը զգալիօրէն մեծցնելուն: «Ինծմէ խնդրեցին Ազրպէյճան երթալ` դասախօսութեան: Ես մերժեցի. անոնք զգալիօրէն բարձրացուցին իրենց առաջարկը` չհասկնալով իմ բարոյագիտութիւնս, կարծելով, թէ ատիկա տարբերութիւն...

Թրամփ. «Համաձայնութեան Կնքման Համար  Վերջնական Թուական Չկայ»

Թրամփ. «Համաձայնութեան Կնքման Համար Վերջնական Թուական Չկայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները կը սկսին երկուշաբթի կէսօրին (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով, «Ա.»), առանց համաձայնութեան կնքման համար վերջնական թուական ներկայացնելու: Թրամփ նաեւ չյայտնեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները ո՛ւր տեղի պիտի ունենան, եւ թէ անոնց որո՛նք պիտի մասնակցին: Միւս կողմէ, Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, թէ Ծոցի շրջանի ղեկավարներուն տեսակէտները մեծապէս ազդած են Իրանի նկատմամբ նոր...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Գործարքի Ընդհանուր  Գիծերուն Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք,  Իրանի Վրայ Յարձակումը Առկախուեցաւ»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Գործարքի Ընդհանուր Գիծերուն Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք, Իրանի Վրայ Յարձակումը Առկախուեցաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ համաձայն գտնուած է Իրանի դէմ որոշուած յարձակումը առկախելու` նշելով, որ այդ որոշումը տուած է հաւանական գործարքի մը ընդհանուր գիծերուն շուրջ համաձայնութենէն ետք, Իրանի եւ միջինարեւելեան այլ պետութիւններու կողմէ որեւէ յարձակում դադրեցնելու խնդրանքէն ետք: Թրամփ նշեց, որ համաձայնութիւնը պիտի ներառէ «Հորմուզի նեղուցի անմիջական, ամբողջական ու կատարեալ վերաբացումը` իրանեան հիւլէական սպառնալիքին վերջ տալէն ետք»: Ան...

Իսրայէլ Վերսկսած Է Կազայի Վրայ  Յարձակումբները

Իսրայէլ Վերսկսած Է Կազայի Վրայ Յարձակումբները

Իսրայէլ երկրորդ օրն ըլլալով հրթիռակոծեց Կազան, զոհուեցան 14 պաղեստինցիներ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարուածները թիրախաւորած են Համասի մասնայատուկ «Նուխպա» ուժերու երկու հրամանատարներ: Պաղեստինեան իշխանութիւններուն համաձայն, այդ յարձակումներուն պատճառով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են: Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ, որ արդէն Կազայի 70 առ հարիւրին կը վերահսկէ, պէտք է լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ տարածքին վրայ: Քոհեն անդամ է Նեթանիահուի...

Նորընտիր Ազգային Ժողովն  Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն.  Նիկոլ Փաշինեան Վերանշանակուեցաւ Վարչապետ

Նորընտիր Ազգային Ժողովն Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն. Նիկոլ Փաշինեան Վերանշանակուեցաւ Վարչապետ

7 յունիսին ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ ձեւաւորուած 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ սկսաւ իր աշխատանքներուն: «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին համաձայն` խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններուն պարագային նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը կը հրաւիրուի նախորդ գումարման Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտման օրը` ժամը 10:00-ին: Նոր խորհրդարանի առաջին նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերն էին` հաշուիչ յանձնախումբի ստեղծում, Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւն, Ազգային ժողովի նախագահի...

Վասիլիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի  Անվտանգութեան Ապահովման Միացեալ Նահանգներու  Ծրագիրները Կրնան Հայաստանի  Շուրջ Հետագայ Սրումի Յանգեցնել»

Վասիլեւ. «Ռուսիան Կը Ցանկայ Պահպանել Հայաստանի Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւնները»

Ռուսիան կը ցանկայ պահպանել Հայաստանի հետ իր բարեկամական յարաբերութիւնները, իսկ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ երկիրները նոյնպէս ունին իրենց շահերն ու Երեւանի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ: «Մենք կը ցանկանք պահպանել Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները` հաշուի առնելով, որ մեր ժողովուրդներու կեանքերն ու ճակատագիրները միահիւսուած են ոչ թէ տասնամեակներով, այլ...

Ռուպիօ. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանանի Բանակն  Ու Կառավարութիւնը Կը Շարունակեն Յաւելեալ  Հողերու Վրայ Իշխանութիւնը Տարածել Եւ Ամրապնդել»

Ռուպիօ. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանանի Բանակն Ու Կառավարութիւնը Կը Շարունակեն Յաւելեալ Հողերու Վրայ Իշխանութիւնը Տարածել Եւ Ամրապնդել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Յանձնառու ենք եռակողմ շրջագիծի գործադրութեան, ինչ որ խաղաղութեան եւ Լիբանանի մէջ տնտեսական վերականգնման ճամբան կը հարթէ»: Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Ռուպիօ լիբանանեան բանակի տօնին առիթով յայտնած է. «Կը յուսանք, որ Լիբանանի բանակն ու կառավարութիւնը կը շարունակեն յաւելեալ հողերու վրայ իշխանութիւնը տարածել եւ ամրապնդել»: «Բարձր կը գնահատենք Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու...

Խմբագրական.  Բարդ Առաքելութիւն Եւ Համալիբանանեան  Աջակցութիւն (Լիբանանեան Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Բարդ Առաքելութիւն Եւ Համալիբանանեան Աջակցութիւն (Լիբանանեան Բանակի Օրուան Առիթով)

Լիբանանեան բանակի օրուան նշումը արդի հնչեղութեամբ նոր իմաստաւորում կը ստանայ: Ուաշինկթընեան շրջանակային համաձայնագիրին մէջ 7 տեղ նշուած են բանակին վերապահուած պարտականութիւնները: Փաստօրէն, Լիբանանին տրուող նոր ուղղութեան մէջ բանակը առանցքային դերակատարութիւն ունի հակամարտող կողմերու դիրքերը ստանձնելու: Ըստ այս համաձայնագիրին, եթէ մէկ կողմէ բանակը պիտի իրականացնէ զէնքի մենաշնորհումը, ոչ պետական բոլոր զինեալ կազմակերպութիւնները լուծարելու առումով, ապա անոր դիմաց, ոչ նոյն յստակութեամբ նշուած,...

Page 23 of 885 1 … 22 23 24 … 885