ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանը քուէի իրաւունքէն զրկելու հարցը կրնայ քննարկուիլ կազմակերպութեան 11 նոյեմբերի վեհաժողովի ընթացքին: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Կազմակերպութեան անդամներէն ոեւէ մէկուն դէմ սահմանափակող քայլերու հաւանական կիրարկման վերաբերող որեւէ որոշում ամբողջութեամբ կը պատկանի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի (կը ներառէ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները) իրաւասութեան, որ իրաւունք ունի նման որոշումներ որդեգրելու կազմակերպութեան կանոնադրութեան կէտերու հիման վրայ: Ձեր հարցումին վերաբերող արժեչափերը կը պարունակուին մասնաւորաբար անոր 20-րդ եւ 25-րդ յօդուածներուն մէջ: Խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ 11 նոյեմբերին», ըսած է Կալուզին` պատասխանելով պարտաւորութիւններու չկատարման մասին կանոնադրութեան համապատասխան յօդուածի գործարկման վերաբերեալ հարցումին:
Անոր համաձայն, ՀԱՊԿ-ի Կանոնադրութիւնը միջազգային պայմանագիր է եւ պէտք է բարեխղճօրէն գործադրուի բոլոր կողմերուն, ներառեալ ՀԱՊԿ-ի մարմիններու գործունէութեան ֆինանսաւորման հարցին մէջ իւրաքանչիւր անդամ պետութեան պարտականութեան կողմէն:
«Երեւանի կազմակերպութեան աշխատանքին մասնակցելէն հրաժարիլը եւ անոր պիւտճէին մասին տարեկան որոշումները չստորագրելը կը նշանակէ միայն իրեն պատկանող իրաւունքի չօգտագործում, սակայն չի դադրեցներ Հայաստանի պարտաւորութիւնները ազգային վճարը ժամանակին փոխանցելու վերաբերեալ», նշած է բարձրաստիճան դիւանագէտը:
«Մեկնելով հաստատութենական արդիւնաւէտութեան պահպանման սկզբունքէն` որեւէ միջազգային կազմակերպութեան մէջ այդ դէպքի համար կան հիմնարար փաստաթուղթերով նախատեսուած ընթացակարգեր: ՀԱՊԿ-ը բացառութիւն չէ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը:
Ան նշած է, որ Հայաստանի սահմանադրութեան 205-րդ յօդուածը կ՛ենթադրէ, որ անդրազգային միջազգային կազմակերպութիւններուն անդամակցելու հարցերով նման հանրաքուէն պէտք է նախաձեռնուի ինքնին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Միեւնոյն ժամանակ, «Եւրոպական Միութեան միանալու հոլովոյթի սկսման մասին» ապագայ օրէնքին շուրջ 2025 թուականի քննարկումներուն ժամանակ հայկական կողմը պնդած է, որ հակառակ սահմանադրութեան յօդուածներուն, ատոր որդեգրումը հանրաքուէ չի պահանջեր, որովհետեւ այս փաստաթուղթը ընդամէնը ոչինչ նշանակող քաղաքական հռչակագիր է:
«Այժմ ալ մենք կը լսենք, որ Հայաստանի մէջ յունիսեան ընտրութիւններու արդիւնքները իբրեւ թէ արդէն իսկ կը վկայեն եւրոպամէտ ուղղութեան, երկրին մէջ եւրոպական արժեչափերու ու կանոններու հետագայ ներդրման համազգային աջակցութեան մասին, եւ ուրեմն` կրկին հանրաքուէի անհրաժեշտութիւն չկայ», նշած է փոխնախարարը:
«Յիշեցնեմ, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Փաշինեան երբեմն կը կատարէր բոլորովին հակառակ եւ խառնաշփոթ յայտարարութիւններ: Երբեմն նաեւ բաւական անկեղծօրէն կը խոստովանէր, որ տակաւին ոչ ոք Հայաստանը Եւրոպական Միութեան մէջ հրաւիրած է, եւ ան կրնայ ընդհանրապէս երբեք ալ ատոր անդամ չդառնալ: Իսկապէս արդէն շատ բան ըսուած է, սակայն ատիկա բնաւ պարզութիւն չի հաղորդեր», աւելցուցած է ան:
Կալուզինի համաձայն, ճիշդ այդ պատճառով ալ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի ղեկավարները յայտարարած են այդ կեցուածքը յստակացնելու անհրաժեշտութեան մասին, թէ իրականութեան մէջ Հայաստանի բնակիչները այս առնչութեամբ ի՛նչ կը մտածեն:
«Հայաստանը պէտք է որոշում տայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը պահպանելու վերաբերեալ համազգային հանրաքուէ կատարելու մասին մինչեւ 2026 թուականի դեկտեմբերը, երբ Երեւանի նկատմամբ հաւանական հետագայ քայլերու հարցը պիտի քննարկուի ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:
«Ակնյայտ է, որ եթէ մինչեւ այդ պահը հանրաքուէի կոչը չլսուի, ղեկավարները հաշուի պիտի առնեն այդ փաստը` համապատասխան հետագայ միացեալ քայլերը որոշելու ընթացքին», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
«Արդէն իսկ նշուած է, որ այս հարցը կրկին պիտի քննարկուի Բարձրագոյն եւրասիական տնտեսական խորհուրդի դեկտեմբերեան նիստի ընթացքին, երբ պետութիւններու ղեկավարներուն պէտք է ներկայացուի զեկուցում 29 մայիս 2014-ի ԵԱՏՄ պայմանագիրի գործողութիւնը Հայաստանի նկատմամբ կասեցնելու հաւանական հետեւանքներու մասին», եզրափակած է Կալուզին:


