Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտ թագաւորը սէուտական նախարարական խորհուրդի նիստը նախագահելուն ընթացքին շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտ իշխանին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ Փաքիստանի վարչապետ Մոհամետ Շահպազ Շարիֆին` «իրենց օրհնեալ եւ յաջող ջանքերուն համար Մեքքայի մէջ միացեալ պաշտպանութեան վեհաժողովին, որ հաստատեց երեք երկիրներուն միջեւ խոր արմատներ ունեցող պատմական յարաբերութիւնները, եղբայրութեան եւ իսլամական համերաշխութեան կապերու ամրապնդման եւ հասարակաց ռազմավարական շահերուն ծառայելու շարունակական ձգտման համար»:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը բարձր գնահատեց «եռակողմ վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած արդիւնքները` ստեղծման գործին մէջ երկարաժամկէտ պաշտպանական գործընկերութեան շրջանակի մը, որ պիտի նպաստէ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ միացեալ համագործակցութեան գործընթացի եւ համակարգման ու համարկման ուղիներու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ շրջանային մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ միջազգային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ ջանքերու շարունակման այնպէս, որ աջակցի շրջանի եւ աշխարհի ժողովուրդներուն դէպի աւելի բարգաւաճ եւ ծաղկուն ապագայ ձգտումներուն»:


