Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները նախապէս կ՛ամփոփուէին երեք կէտերու մէջ.
Ա.- Հայկական ուժերու հեռացում Արցախի տարածքներէն եւ հակամարտութեան լուծում` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ,
Բ.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի աշխատանքներու դադրեցում,
Գ.- Յատուկ պայմանագիրով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդհանուր սահմաններու ճանաչում:
Այս նախապայմանները վերափոխուած են. թուրքեւ-ազրպէյճանական միացեալ դաշինքը, դերերու բաժանումով, կ՛արծարծէր այլ նախապայմաններ, որոնցմէ ամէնէն առաջնայիններն են.
Ա.- Զանգեզուրի միջանցք,
Բ.- Սահմանադրութեան փոփոխութիւն,
Գ.- Դատական հայցերու յետս կոչում:
Կարելի է արձանագրել, որ նախապայմանները կատարուած են` Արցախի այսօրուան իրավիճակը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգ չնկատելը, Հայաստանի Հանրապետութեան յայտարարուած տարածութենէն դուրս հայապատկան որեւէ տարածքի պահանջէն եւ Ազրպէյճանի դէմ միջազգային ատեաններու մօտ յարուցուած դատերէն հրաժարիլը, Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրազերծելու մասին պաշտօնապէս յայտարարելը պարզապէս քանի մը փաստ են նախապայմաններու կատարումին:
Արցախի հարցի այս կերպ լուծարումը իբրեւ նախապայման, սկզբունքով պէտք էր բաւարար նկատուած ըլլար Անգարայի կողմէ դասական նախապայմաններու ամբողջութիւնը կատարուած նկատելու եւ անցնելու սահմանի բացման գործընթացին: Այդպէս չէ սակայն: Հիմա Անգարան կը պայմանաւորէ այդ բոլորը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումով: Իր հերթին, Ազրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագիրը կը պայմանականացնէ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ:
Անգարան յստակօրէն Երեւանի հետ երկխօսութեան արդիւնաւորումը կամ սահմանի բացումը կը փոխկապակցէ Պաքուի հետ համաձայնութեամբ: Հակառակ անոր որ համաձայնութիւններ կը կայանան եւ այնպիսի մթնոլորտ կը յառաջացուի, որ սահմանի բացումը շատ մօտալուտ է, այդուհանդերձ գործընթացը կը մնայ սառած:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը հիմա, ըստ էութեան, կ՛որդեգրէ Երեւան-Անգարան Երեւան-Պաքուին կապելու Անգարայի մօտեցումը: «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կը կապեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած գործընթացների հետ»: Այս յայտարարութեամբ Երեւանը ինք եւս փոխկապակցած կ՛ըլլայ երկու գործընթացները: Այսինքն, Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կը բացուի, երբ Ազրպէյճանի հետ կնքուի համաձայնագիրը: Իսկ Ազրպէյճանի հետ կը կնքուի համաձայնութիւն, երբ Հայաստան փոխէ իր Սահմանադրութիւնը: Երեւանը արդէն յայտարարած է Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրազերծելու մտադրութեան մասին:
«Ա.»


